Սակայն Բ. կիսախաղին դաշտին վրայ իրավիճակը ամբողջովին փոխուեցաւ: Հայաստանի հաւաքականը ցուցադրեց պայքարի ոգի` նշանակելով 4 անպատասխան կոլ եւ փրկելով գրեթէ պարտուած խաղը: Տակաւին, 5-րդ կոլի առիթ ալ կար, բայց կոլի չվերածուեցաւ, երբ Մելիքեան կորսնցուց փենալթի մը:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր հերոսը դարձաւ Գարեգին Մաշումեան, որ տուպլէ մը իրագործեց: Մէկական կոլեր նշանակեցին Միհրան Դերմենջեան եւ Միքայէլ Գանդիլեան:
Երկու մրցումներէ ետք Հայաստանի հաւաքականը 1 կէտ ունի եւ Ա. խմբակի Բ. դիրքը կը գրաւէ: 6 կէտերով պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Հունգարիա, որ առաջին մրցումին յաղթած էր Հայաստանին` 3-2 արդիւնքով:


