Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան երկրորդ օրուան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց պրոնզէ մետալ մը:
Պատուոյ հարթակ բարձրացաւ մարտական սամպոյի մինչեւ 71 քկ կշիռի կարգին մէջ հանդէս եկող Արսէն Աւետիսեան:
Աւետիսեան յաջորդաբար յաղթած է Լաթվիոյ, Խըրխըզիստանի եւ Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչներուն: Կիսաւարտականին Աւետիսեան պարտութիւն կրած է ուքրանացի իր մրցակիցէն եւ մրցաշարքը աւարտած է պրոնզէ մետալով:
Մինչեւ 64 քկ կշիռի մարզական սամպոյի մրցումներուն, Գէորգ Մանուկեան երեք յաղթանակ արձանագրած է Ուզպեքիստանի, Քամպոտիոյ եւ Տաճիկիստանի ներկայացուցիչներուն դէմ: Ան կիսաւարտականին պարտութիւն կրած է Ղազախստանի ներկայացուցիչէն եւ պրոնզէ մետալի մրցումին պարտութիւն մը եւս կրած ուքրանացի իր մրցակիցէն` առանց մետալներու աւարտելով իր ելոյթները: Մինչեւ 88 քկ կշիռի մրցումներուն Գոռ Յարութիւնեան, յաղթելէ ետք Իսրայէլը եւ Սերպիան ներկայացնող իր մրցակիցներուն, քառորդ աւարտականին զիջած է Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչին դէմ մրցումին:
Մարտական Սամպոյի մրցումներուն, Գոռ Գոգինեան (58 քկ) եւ Արման Եսայեան (98 քկ) իրենց կարգին քառորդ աւարտականին պարտութիւններ կրելով դուրս մնացած են մետալի մրցումներէն:
Այս ձեւով Հայաստան մրցաշարքին սկիզբէն երկու օրերէ ետք Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ունի երեք մետալ` մէկ արծաթ եւ 2 պրոնզ:


