Քիքպոքսինկի հայ մարտիկ Արամ Բաքլաչեան տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Թայլանտի մէջ տեղի ունեցած «Փաթոնկ Քոմպեթ Լիկ» մրցաշարքին` նուաճելով կազմակերպութեան ախոյեանի գօտին` թեթեւագոյն կշիռի մրցումներուն:
Մենամարտը տեղի ունեցաւ Թայլանտի Փաթոնկ քաղաքին մէջ: Հայ մարզիկի մրցակիցն էր Թայլանտի ներկայացուցիչ Հաոյայ:
Բաքլաչեան երկրորդ ռաունտին իսկ կրցած է աւարտել մրցումը, ուր ան շարք մը նաք-տաուններէ ետք ուժաթափ դարձուցած էր իր մրցակիցը, որ չէր կրցած աւարտել մրցումը, եւ յաղթանակը շնորհուած էր Հայաստանի ներկայացուցիչին:
Այս յաջողութեան շնորհիւ Արամ Բաքլաչեան նուաճեց «Փաթոնկ Քոմպեթ լիկ»-ի ախոյեանութեան գօտին` դառնալով թեթեւագոյն կշիռի ախոյեան, իր նուաճումներուն շարքը ամբողջացնելով արհեստավարժ ռինկի վրայ կարեւոր յաղթանակով մը:


