Ուրբաթ, 6 նոյեմբեր 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի այցելութիւնը:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին ընդհանուր քննարկման առարկայ դարձան Հայաստանի ներքին կացութիւնը, Հայաստան-Լիբանան յարաբերութիւնը եւ շրջանին մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններն ու անոնց հաւանական հետեւանքները:


