Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Տասնամեակներ շարունակ ամպիոններէ, լսարաններէ եւ հաւաքներէ լսուած ամէնէն կրկնուած կարգախօսներէն մէկը եղած է հետեւեալը. «Երիտասարդութիւնը մեր ապագան է»: Առաջին նայուածքով, այս արտայայտութիւնը կը թուի գնահատանքի եւ յոյսի արտայայտութիւն: Սակայն, աւելի խորունկ դիտարկումով, անիկա իր մէջ կրնայ պահել վտանգաւոր թիւրիմացութիւն մը` երիտասարդութեան դերն ու պատասխանատուութիւնը միշտ մղելով անորոշ, հեռաւոր ապագայի մը:

Երիտասարդութիւնը սպասման սրահի մէջ գտնուող սերունդ չէ, որ կը սպասէ իր կարգին` պատմութեան բեմ բարձրանալու համար: Անիկա անցորդ չէ, այլ` դերակատար:

Պատմութեան էջերը թերթելով ալ յստակ կը տեսնենք, որ ազգերու եւ ընկերութիւններու ճակատագիրը փոխող, մեծ փոփոխութիւններ կերտող եւ յեղափոխական շունչ ներարկող ուժը միշտ ալ եղած է երիտասարդութիւնը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադիրները` Քրիստափոր Միքայէլեան (31 տարեկան), Ստեփան Զօրեան` Ռոստոմ (23 տարեկան) եւ Սիմոն Զաւարեան (25 տարեկան), երբ 1890-ին դրին հայ ազատագրական պայքարի ամէնէն ազդեցիկ կազմակերպութեան հիմքերը, պարզապէս երիտասարդներ էին: Անոնք չսպասեցին «հասուննալու» կամ աւելի յարմար ժամանակներու. իրենց երիտասարդական կորովով, գաղափարապաշտութեամբ ու տեսլականով վերասահմանեցին ազգին ճակատագիրը:

Նոյն ոգիով, արցախեան ազատամարտի առաջին իսկ օրերէն, ուսանողական նստացոյցերէն մինչեւ ռազմաճակատ ոտքի ելած երիտասարդութիւնն էր, որ վերականգնեց հայութեան արժանապատուութիւնը: Պետոյի (Պետրոս Ղեւոնդեան), Տուշման Վարդանի ու անոնց սերնդակիցներուն նման երիտասարդներ իրենց երիտասարդական տարիներուն ստանձնեցին ազգային ազատագրութեան ամէնէն ծանր պատասխանատուութիւնը:

Իսկ մեր մշակութային ու գրական զարթօնքը յառաջ մղողները դարձեալ պատանի ու երիտասարդ դէմքեր էին. «Մեհեան» շարժման շուրջ համախմբուած գրողները` Կոստան Զարեան, Դանիէլ Վարուժան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ, իրենց քսանական տարիքին յեղափոխեցին հայ միտքն ու գրականութիւնը` մերժելով լճացումն ու պահանջելով նորարարութիւն:

Այսօր, երբ աշխարհն ու մեր հաւաքական կեանքը կը դիմագրաւեն արագընթաց փոփոխութիւններ, երիտասարդի մտքին թարմութիւնը, նորարարական հայեացքն ու գործելու պատրաստակամութիւնը անհրաժեշտութիւն են հիմա՛: Եթէ երիտասարդը չստանձնէ առաջնորդութիւնը այսօր, եթէ չմասնակցի որոշումներու կայացման, գաղափարական ու մշակութային վերելքին, ապա վաղուան «ապագան» պարզապէս պիտի ըլլայ այսօրուան բացթողումներուն արձագանգը:

Դաստիարակութիւնն ու երիտասարդական շարժումները միայն գիտելիք կամ աւանդոյթ փոխանցելու միջոցներ չեն: Անոնք դարբնոցներ են, ուր երիտասարդը կը սորվի տիրութիւն ընել իր միջավայրին, ազգին ու արժէքներուն` այսօ՛ր, այս վայրկեանի՛ս: Սեփական տագնապներն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելու, անհատական ու հաւաքական կամք կաղապարելու եւ խմբային աշխատանքի մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու ոգին ապագայի համար չէ, այլ` ներկայի նկարագիրը կերտելու:

Երիտասարդին ներուժը վաղուան խոստումը չէ, այլ` այսօրուան շարժիչ ուժը: Երբ կը հաւատանք, որ անիկա ներկան է, կը դադրինք զայն նկատելէ պարզ յաջորդ մը եւ կը սկսինք վստահիլ իրեն` որպէս այսօրուան պատասխանատու ղեկավարը, մտաւորականը եւ գործիչը:

Ապագան կը կերտուի այսօրուան քայլերով: Եւ այդ քայլերը կը պատկանին անոնց, որոնք ունին հաւատք, կորով եւ ներկան փոխելու համարձակութիւն:

 

 

Նախորդը

Յարատեւ Դիմադրութիւն

Յաջորդը

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Յարատեւ Դիմադրութիւն
Զաւարեանական

Յարատեւ Դիմադրութիւն

November 6, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.