Երեք տարի անցած է, եւ ըսելիքը շատ է, բայց բառերը` քիչ: Այսքան տառապանք հազիւ թէ կարելի ըլլայ բացատրել երգերով կամ քանի մը պարբերութիւններով: 2020-ը անցաւ կորուստներով, բայց նաեւ` յոյսով. սակայն այդ յոյսը չտեւեց 2023-էն ետք:
Մենք Արցախէն մասնիկ ենք, բայց Արցախի մասերը կորսուած են: Այո՛, մենք աւելի զօրաւոր, բայց ցաւով կը կանգնինք հողի այն կտորներուն վրայ, զորս փորձեցին մեզմէ խլել: Արցախը սերմ չէ: Ան խորապէս հաստատուած արմատներ է: Ան ներսէն ունէր թշնամիներ, որոնք փրկիչ ներկայացուած էին:
Արցախի միակ պաշտպանները իր նուիրեալ զինուորներն էին: Անոնց հետ էր, որ մենք մեզ կը նոյնացնէինք. անոնք կը խորհրդանշէին մեր յոյսը` պահելու այն, որ յաւերժօրէն մերն է:
Սակայն անդադար կը պնդուէր, որ ան կը պատկանի այնպիսի ազգի մը, որ միայն ուրիշ ազգերու տուածով աճած է: Իսկ Արցախի պարագան ալ տարբեր չէր: Թշնամին սկսաւ հանրապետութիւնը հարաւէն մաս-մաս խլել` սկսելով Հադրութէն, ապա խլելով մեր դիմադրութեան խորհրդանիշը` Շուշին: Այնուհետեւ անոր «նուիրուեցան» Քարվաճարը եւ Քաշաթաղը:
2020-ը աւարտեցաւ, եւ մենք մտածեցինք, թէ այլեւս սգալու բան պիտի չունենայինք: Սակայն 2023-ը մեր անորոշ կորուստին ուժգին հարուածն էր, երբ Արցախի 128.000 հայերը լքեցին իրենց տուները, դպրոցները, յիշողութիւնները` այն հողին մէջ, որ իրենցմէ խլուած էր. երբ Մարտակերտը, Մարտունին, Ասկերանը եւ Ստեփանակերտը` Մամիկն ու Պապիկի տունը, սկսան կոչուիլ օտար լեզուով:
Այս բոլորը` խաղաղութեան անունով: Բայց կորուստը խաղաղութիւն չէ: Սուգը խաղաղութիւն չէ: Կարօտը խաղաղութիւն չէ: Ստորագրուած թուղթը խաղաղութիւն չէ: Եռաբլուրի մէջ հանգչող 5000 նահատակները խաղաղութիւն չեն: Խաղաղութիւն չէ, երբ ամբողջ ազգ մը կը զգայ, թէ իր տեղը չէ, երբ ազգ մը կը զգայ, թէ ամբողջական չէ:
Եւ մեզմէ շատերը կը կանգնին այս իրականութեան դէմ` այն իրականութեան, որ մեր հերոսները երբեք պիտի չարտօնէին: Մենք կը կանգնինք անոնց դիմաց, որոնք կ՛ըսեն, թէ Արցախը մերը չէ, եւ այս է մեր պայքարը:
Մենք կը պայքարինք Արցախի անունը ողջ պահելու համար, անոր գոյութիւնը պահպանելու համար: Մենք կը դառնանք այն դիմադրութիւնը, զոր առաջնորդը չկրցաւ դառնալ: Մենք կը դառնանք քանդուած եկեղեցիներու գմբէթները, լքուած տուներու քարերը, եւ այն ականջները, որոնք կրնան միայն լսել այն հողին մասին, որ չսորվեցաւ ապրիլ առանց պատերազմի:
Հիմա Արցախը սառած կը հանգչի այն ազգին գիրկը, որ չգիտցաւ զայն տաք պահել: Ստեփանակերտի փողոցները կը մոռնան իր մանուկներուն ծիծաղները, իսկ Շուշիի բերդը կը կրէ անուն մը, որ երբեք պէտք չէր սորվեր:
Բայց մենք կը նստինք, կը սպասենք, կը մտածենք, թէ ե՞րբ մեր պաշտպանութիւնը պիտի չըլլայ դաշինք մը կամ պայմանագիր մը, ե՞րբ պիտի որոշենք կռուիլ, եւ ե՞րբ պիտի դադրինք հարցնելէ` «վասն ինչի՞», որովհետեւ վերջապէս յստակ է, որ պատասխանը «վասն հայրենիքի» է:
Եւ սակայն մենք տակաւին խաղաղութիւն կը փնտռենք: Երբ կը սպասենք Շուշիի մէջ դիմադրութեան վերածնունդին, երբ կը հաւատանք, որ Արցախը յաղթանակի վահանն է, երբ գիտենք, որ Արցախը նուիրեալ զինուորներու տունն է, երբ տակաւին կը սպասենք Հարսանիք մը լեռներուն մէջ:


