Արցախը պարզապէս աշխարհագրական տարածք մը չէ, այլ հայկական ինքնութեան, չկոտրուող ոգիին եւ սրբազան գոյատեւման բարձրագոյն խորհրդանիշն է, որուն ամէն մէկ քարն ու լեռնաշղթան դրոշմուած է մեր պապենական արեամբ, հաւատքով ու դարաւոր պատմութեամբ: Այս առասպելական լեռնաշխարհը մեր ժողովուրդին համար ազատութեան եւ արժանապատուութեան բաբախող սիրտն է, որուն իւրաքանչիւր մատոյցը դարեր շարունակ դարձած է հերոսական դիմադրութիւն եւ չկոտրուող կամք: Սակայն պատերազմի արհաւիրքն ու դաժան իրականութիւնը խորապէս վիրաւորեցին այս սրբազան հողը. պայթիւններու որոտը, արեան հոսքը, տուն-տեղի անդառնալի կորուստն ու բռնագաղթի ողբերգութիւնը թողեցին անբուժելի վէրքեր, որոնք այսօր ալ դրոշմուած են ամէն մէկ արցախցիի եւ սփիւռքահայու աչքերուն մէջ: Սակայն Արցախի վերջին պատերազմը ծանր ու ցաւալի հարուած մըն էր հայ ժողովուրդին համար: 2020-ին մեկնարկած պատերազմէն մինչեւ 2023-ի բռնագաղթը, Ազրպէյճան լայնածաւալ յարձակումներով ու շրջափակումներով տիրացաւ Արցախին` պատճառ դառնալով հազարաւոր զոհերու եւ Արցախի ամբողջական հայաթափման: Այս ողբերգութեան ամէնէն ծանր էջերէն մէկը կը մնայ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն հարցը: Տասնեակ զինուորականներ, քաղաքացիական անձեր եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարները մինչեւ օրս կը մնան ազրպէյճանական բանտերուն մէջ` ենթարկուելով մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու եւ կեղծ դատավարութիւններու: Միջազգային համայնքին ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կոչերուն հակառակ` Պաքուն կը շարունակէ օգտագործել գերիները իբրեւ քաղաքական ճնշման միջոց: Գերիներու վերադարձը եւ անոնց ազատութիւնը ոչ միայն արդարութեան, այլ նաեւ ազգային արժանապատուութեան եւ անհետացածներու ընտանիքներու ցաւի սփոփման հիմնական պահանջն է:
Այս պատերազմներուն եւ բռնագաղթին ամէնէն խորունկ հետքերը մնացին երեխաներուն հոգիներուն մէջ: Այս փոքրիկները, որոնք պէտք էր վայելէին անհոգ մանկութիւն, ստիպուեցան արագ մեծնալ` ականատես դառնալով ռմբակոծումներու, շրջափակման, սովին եւ իրենց պապենական տուներու կորուստին: Անոնց համար հայրենիքը միայն տարածք մը չէ, այլ` իրենց դպրոցի բակը, Արցախի լեռներն ու տան պարտէզը, իսկ այսօր անոնք այդ բոլորը կ՛ապրին միայն անոնց յիշողութիւններուն եւ նկարներուն մէջ: Նոր միջավայրերու մէջ անոնք կանգնած են նաեւ Արցախի քաղցր բարբառն ու տեղական աւանդութիւները կորսնցնելու վտանգին առջեւ: Բայց, հակառակ այս բոլոր ցաւերուն, Արցախի երեխաները կը մնան յոյսի եւ տոկունութեան կենդանի խորհրդանիշ: Անոնք արտակարգ կամքով կը շարունակեն սորվիլ, ստեղծագործել եւ երազել` ապացուցելով, որ հայրենիքի հանդէպ սէրն ու ապրելու վճռակամութիւնը անհնար է խլել իրենցմէ: Այս սերունդն է, որ իր ուսերուն վրայ պիտի պահէ ազգային ինքնութիւնն ու ապագայ վերածնունդի հաւատքը:
Պատերազմը փորձեց մարել Արցախի լոյսը, քանդել անոր հնամենի վանքերուն խաղաղութիւնը եւ լռեցնել դարաւոր զանգերը, բայց թշնամին չհասկցաւ, որ այս հողին վրայ թափուած արեան ամէն մէկ կաթիլ եւ իւրաքանչիւր զոհուած մարտիկի յիշատակ վերածուեցան յեղափոխական անմար կրակի, արդարութեան ցասումի եւ անկոտրում վրէժխնդրութեան:
Այսօր, հակառակ պատերազմի պատճառած անասելի ցաւին ու աւերածութիւններուն, Արցախի խորհուրդը չէ մեռած, այլ դարձած է անմար ապստամբութիւն մեր սրտերուն մէջ. իսկական յեղափոխութիւնը կը սկսի ճիշդ հոն, երբ ժողովուրդը կը հրաժարի ծունկի գալ, կը հրաժարի մոռնալ իր արմատները եւ կը հաւատայ, որ արդարութեան, ազատութեան եւ վերադարձի պայքարը երբեք չ՛աւարտիր, մինչեւ որ յաղթանակի արշալոյսը նորէն ծագի մեր սրբազան հայրենիքին վրայ:



