Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միացեալ Նահանգներու Աթլանթա քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ծիրին մէջ յայտարարեց. «Ռուսիան կը զօրակցի Քսաններու խմբակի ամերիկեան նախագահութեամբ ժողովի քննարկումները ապաքաղաքականացնելու մօտեցումին»:
Արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը գումարուեցաւ նախապատրաստելու համար 14-15 դեկտեմբերին Մայամիի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովը:
Լաւրով ըսաւ, որ Լեհաստանի մասնակցութիւնը Քսաններու խմբակին վրայ ոչինչ պիտի աւելցնէ, եւ Մոսկուան կարիք չի տեսներ խումբին յաւելեալ եւրոպական ձայն մը աւելցնելու, մանաւանդ որ «ձայները ոչ շինիչ են»:
Ան ըսաւ, որ Ռուսիան աշխատանք պիտի տանի Լեհաստանի Քսաններու խմբակին մասնակցութեան վերաբերեալ իրավիճակը սրբագրելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը կոչ ուղղեց` «մազութի համաձայնութիւններէն ետք, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ պատրանքներ չհիւսելու»:
«Ռուսիան բարձր կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակարգին դիրքորոշումը, որ ընդունեց Ուքրանիոյ հակամարտութեան արմատական պատճառները», աւելցուց Լաւրով:
«Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պէտք է Մոսկուա գայ, եթէ կ՛ուզէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում ունենալ», յայտնեց ան:
Արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը գումարուեցաւ նախապատրաստելու համար 14-15 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Մայամի նահանգի Տորալ քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովը:
Թրամփ շաբաթավերջին յայտարարեց. «Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին կրնանք Ռուսիան, Ուքրանիան եւ Իրանը ներառող խաղաղութեան մեծ համաձայնութեան մը ականատես դառնալ»:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ տակաւին որոշում չէ տրուած, թէ արդեօք նախագահ Վլատիմիր Փութինը անձամբ պիտի մասնակցի՞ Մայամիի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովին:
Նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ անպայման պիտի ուզէր Փութինը վեհաժողովին տեսնել:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, թէ «շատ շուտով» Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպում մը պիտի դասաւորուի:


