Մունիր Նասրաուի` Լամին Եամալի հայրը, անգամ մը եւս մեծ աղմուկ յառաջացուց: Արդարեւ, Նասրաուի «Պալոն տ՛օր»-ի հանդիսութեան մասնակցելու համար ճամբորդելու կը պատրաստուէր, երբ Պարսելոնայի օդակայանին մէջ լուրջ միջադէպի մը հերոսը դարձաւ:
Արդարեւ, ան իր բաճկոնը արգիլուած տեղ մը զետեղելէ ետք, օդակայանի մէկ պաշտօնեան անոր նկատողութիւն կատարած է: Նասրաուի սկսած է վիճիլ պաշտօնիային հետ, ապա թքած օգնական աղջկայ մը երեսին: Օդակայանի այցելուներէն մէկը փորձած է միջամտել, բայց Նասրաուի աթոռ մը առնելով փորձած է նետել անոր վրայ:
Հակառակ այս բոլորին, ան կրցած էր օդանաւ բարձրանալ շատ հաւանաբար Եամալի հայրը ըլլալուն պատճառով եւ մեկնած Լոնտոն:
«Պալոն տ՛օր»-ի արդիւնքներու հրապարակումէն ետք, Նասրաուի ջղային վիճակի մէջ էր, երբ դուրս կու գար Լոնտոնի «Փալատիում» սրահէն: Ան քիչ մնաց Ռուսիոյ հաւաքականի մարզիկ Անտրէ Արշաւինի մօտ գտնուող ռուսական պատուիրակութեան մէկ պաշտօնեային հեռախօսը կոտրէր:
Նասրաուի միշտ ալ այս ձեւի հարցեր կ՛ունենայ: Անցեալ տարի ալ «Պալոն տ՛օր»-ի արդիւնքներէն դժգոհ, ան վարկաբեկած էր տիտղոսակիր Ուսման Տեմպելէն` ըսելով, որ իր զաւակը շատ աւելի լաւ խաղցող էր, քան Տեմպելեն: Աւելի ուշ ան հայհոյած էր Ռէալ Պեթիսի համակիրներուն, Պարսելոնայի դէմ մրցումին պահուն:
2024-ին ալ ան կառատան մը մէջ վէճ ունեցած էր 2 հոգիի հետ եւ դանակով վիրաւորուած:
Երկուշաբթի գիշեր այս անգամ Նասրաուիի եղբայրը իր դերը առած էր` յայտնելով, որ իր եղբօրորդին աննման տարեշրջան մը ունեցած էր: «Եթէ ֆութպոլ կը սիրես, կ՛երթաս Լամինը կը դիտես, ոչ թէ Հերի Քէյնը: Լամինը երիտսարդ է ըսելով միշտ կ՛ըսեն տակաւին ժամանակ ունի, տակաւին 19 տարեկան է: Քէյն տակաւին 3 օր ունի խաղալու, եկուր իրեն տանք տիտղոսը»:


