Քամերոն Պուզլըր իր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ասպարէզի առաջին թրիփըլ տապըլը իրագործեց` նշանակելով 18 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ եւ օգնելով Մեմֆիս Կրիզլիզին, որ յաղթէ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին 124-103 արդիւնքով:
Ասիկա Կրիզլիզի 5-րդ յաջորդական յաղթանակն էր, միանալով Հիուսթըն Ռոքեթցին առաջին դիրքին վրայ, մինչ Փորթլենտի առաջին պարտութիւնն էր 3 յաղթանակներէ ետք:
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ-Սաքրամենթօ Քինկզ մրցումը բոլորին ուշադրութիւնը կը գրաւէր, ուր երկու խումբերն ալ պարտուած էին իրենց նախկին 4 մրցումներուն:
Նիւ Օրլինզ կրցաւ 132-120 արդիւնքով յաղթել` ձեռք ձգելով առաջին յաղթանակը: Ճերեմայա Ֆիրզ 22 կէտ եւ 13 էսիսթ իրագործեց, մինչ Տարիըս Աքուֆ իր կարգին տապըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 34 կէտ եւ 14 էսիսթ ի նպաստ Քինկզի:
Աթլանթա Հոքս 114-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քլիվլենտ Քեվելիրզը: Օնիեքա Օքոնկվու 29 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Աթլանթայի, մինչ վեթերան Ճէյմս Հարտըն 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ 2-րդ պարտութիւնը կրեց իր 5-րդ մրցումին:


