Վիեննայի (Աւստրիա) թենիսի մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանը հասնելէ ետք, Ալեքսանտր Զվերեւ պաշտօնապէս գրաւեց տղոց թենիսմեններու դասաւորման առաջին դիրքը:
29 տարեկան գերմանացի թենիսմենը պիտի դառնայ պատմութեան երկրորդ գերմանացին` Պորիս Պեքըրէն ետք, որ թիւ 1 դիրքին կը հասնի:
Ան գահընկեց ըրաւ իտալացի թենիսմեն Եանիք Սինըրը, որ յուլիսէն ետք թենիս չէ խաղցած վիրաւորուելուն պատճառով, եւ դարձաւ 30-րդ թիւ 1 դասուած թենիսմենը, 1973-էն ի վեր դասաւորումներու օրէնքին վաւերացուելէն ետք:
Մօտ 35 տարի առաջ Պեքըր պատմութեան առաջին թիւ 1 գերմանացի թենիսմենը դարձած էր: Աղջկանց թենիսի գծով ալ միայն Շթեֆիկրաֆ եւ Անկելիք Քերպեր այդ դիրքին հասած էին «Երազ մըն էր, որ իրականացաւ: Բաւական տարիներ աշխատելէ ետք վերջապէս հասայ նպատակիս», ըսաւ շաքարախտ ունեցող Զվերեւ:
Վիեննայի մրցաշարքին ան պարտութեան մատնեց նետերլանտցի Թալոն Կրիքսփորը` 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով:
Քառորդ աւարտականին Զվերեւ պիտի մրցի բրիտանացի Արթուր Ֆերիի դէմ, որ դուրս ձգած էր իտալացի Լորենցօ Մուզեթին` 6-4, 5-7 եւ 6-4 արդիւնքով:


