Սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ Տենվըր Նակեթցի հետ իր 200-րդ թրիփըլ տապըլը արձանագրեց` նշանակելով 21 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ:
Նակեթց 104-91 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզին` արձանագրելով իր 2-րդ յաղթանակը տարեշրջանի իր 4-րդ մրցումին:
Եոքիչ 9 թրիփըլ տապըլներու պէտք ունի հասնելու Ռասըլ Ուեսթպրուքի մրցանիշին (209), ինչ որ շատ հաւանաբար կրնայ պատահիլ յառաջիկայ նոյեմբերին:
Այժմու մարզիկներէն ամէնէն մօտը Լըպրոն Ճէյմսն է, որ 125 թրիփըլ տապըլ արձանագրած է, մինչ Լէյքըրզի մարզիկ Լուքա Տոնչիչ` 90 թրիփըլ տապըլ արձանագրած է:
Լուքա Տոնչիչ Լէյքըրզի մրցումէն բացակայեցաւ, բայց Լոս Անճելըսի «տերպի-ին կրցաւ յաղթել Քլիփըրզին` 103-87 արդիւնքով: Լէյքըրզ օր մը առաջ կրած էր իր առաջին պարտութիւնը:
Իր առաջին պարտութիւնը կրեց 2025-ի ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, որ 120-96 արդիւնքով պարտուեցաւ Տալաս Մեւրիքսէն: Քուփըր Ֆլեկ 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Տալասի, որ 3-րդ յաղթանակը տօնեց տարեշրջանի իր 5-րդ մրցումին:
Հիուսթըն Ռոքեթց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց` 132-100 արդիւնքով յաղթելէ ետք Միլուոքի Պաքսին:
Ֆրետ Վանփլիթ (24 կէտ), Էյմըն Թոփսըն (23 կէտ), Քեւըն Տիւրենթ (18 կէտ), Պոկտան Պոկտանովիչ (16 կէտ), Ճապարի Սմիթ (14 կէտ) եւ Քլինթ Քափետա (10 կէտ) բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան ի նպաստ Հիուսթընի, որմէ կը բացակայէր Սլփերեն Շենկիւն (հիւանթ):
Միլուոքի Պաքսի նախկին աստղ Եանիս Աթեթոքումփօ 24 կէտ եւ 18 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմի Հիթի, որ 129-117 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսին` արձանագրելով տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:


