Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը կը շարունակուի դիմադրութեան իրաւունքի օրինականութեամբ, ինչ որ ամրագրուած է Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ, եւ դէմ պիտի դնենք անոր ու Լիբանանի վրայ յարձակումին: Անոր զէնքի յանձնման վերաբերեալ քննարկումը անտեղի է, քանի տակաւին բռնագրաւումը ներկայ է եւ անոր յարձակումը կը շարունակուի»:
«Շրջագծային համաձայնութիւնը անօրինական է, որովհետեւ սահմանադրութիւնը, Թաէֆը, օրէնքները, նախագահի երդումի ճառն ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կը խախտէ, եւ անիկա առ ոչինչ է: Անիկա համաձայնութիւն մըն է, որ թշնամիին կու տայ այն, որ անորը չէ, կը հրաժարի Լիբանանի ուժի աղբիւրներէն եւ սադրանքի ու երկիրի աւերման կը վստահի», աւելցուց ան:
«Մենք Իրան-Ամերիկա համաձայնութեամբ հետաքրքրուած ենք, որովհետեւ անիկա Դիմադրութեան, անոր ժողովուրդին ու համակիրներուն տոկունութեան կողքին գոյութիւն ունեցող ուժի միակ աղբիւրն է: Համաձայնութիւնը իր ազդուութիւնը ցոյց տուաւ, որովհետեւ փոխըմբռնման յուշագիրը հազիւ հրապարակուեցաւ, Լիբանանի վրայ յարձակումի մակարդակը նուազեցաւ», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Մեզի չի հետաքրքրեր, թէ իսրայէլեան զաւթիչ գոյացութեան ո՛վ կ՛իշխէ: Սակայն ան թող իմանայ, թէ պիտի չկարենայ իր բռնագրաւումը շարունակել, եւ պէտք է մեր հողերէն հեռանայ: Պէտք է վերջ տալ ամերիկեան հոգատարութեան եւ պետութեան կարգ մը թեւերուն իշխելու միտումին, որովհետեւ հոգատարութիւնը բռնագրաւումի նման է, եւ երկուքն ալ գերիշխանութեան ոտնահարում են», ըսաւ ան:


