Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քապալան. «Լիբանանի Համար Չկայ Աւելի Մեծ Շահ, Քան Շրջանային Երկրաշարժի Լոյսին Տակ Համակեցութիւնն Ու Ազգային Ուխտի Ձեւաչափը Պաշտպանելը»

October 29, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժաաֆարականներու միւֆթի շէյխ Ահմետ Քապալան յայտնեց. «Լիբանանի համար չկայ աւելի մեծ շահ, քան շրջանային երկրաշարժի լոյսին տակ համակեցութիւնն ու Ազգային ուխտի ձեւաչափը, եւ գերիշխանական ու ազգային անվտանգութեան երաշխաւորման համար անհրաժեշտ եղածը պաշտպանելը, որովհետեւ այն, ինչ որ շրջանին մէջ տեղի կ՛ունենայ, շրջանային երկրաշարժէ մեծ է, եւ անոր ազդեցութիւնը շրջանէն անդին կը հասնի»:

«Անոր արդիւնքները յստակ կերպով տեսանելի կը դառնան, սակայն ատիկա մէկ գիշերուան մէջ պիտի չաւարտի, եւ կը պահանջէ, որ իշխանութիւնը, քաղաքական ուժերն ու լիբանանցի ժողովուրդը այս արմատական վերափոխումը դիմաւորեն այնպէս, որ հաշուի առնուի պատմական յենասիւներու փլուզման տեսութիւնը, որովհետեւ մենք կանգնած ենք դիմացը շրջանային զանգուածային վերափոխման` անվտանգութեան պարունակով», աւելցուց ան:

«Պահը հասունցած է շրջանային տէրութիւններու եւ անոնց շահերու վերաբաշխման համար` Ռիատի, Թեհրանի, Անգարայի եւ Իսլամապատի միջեւ մեծ եւ ամուր համաձայնութիւններու միջոցով, որովհետեւ ասիկա կը նպաստէ Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ աշխուժ համաձայնութիւններու ստեղծման», յայտնեց միւֆթին:

«Այն, ինչ որ Թեհրանի մէջ այս քառեակին միջեւ տեղի ունեցաւ, մեզի կը ներկայացնէ շրջանի կարեւորագոյն շրջանային պլոքը: Ասիկա ինքնին Ուաշինկթընը կը դասակարգէ իբրեւ ճգնաժամ, եւ ոչ թէ իբրեւ ամբողջ շրջանի երաշխաւոր», աւելցուց ան:

«Այս քառեակէն կը պահանջուի մշակել համագործակցութեան եւ կարգաւորման բանաձեւ, որ պիտի ներառէ Միջին Արեւելքի կառուցուածքը` ազատելու համար դաշինքներու բարդոյթէն, որ աշխարհը կը ղեկավարէ պառակտելու համար շրջանը եւ թուլացնելու անոր ներուժը: Անկախ Թեհրանի քառեակի հանդիպման բովանդակութենէն, ատոր կարեւորագոյն կողմը այն է, որ անիկա թոյլ կու տայ ստեղծել իշխանութեան կառուցուածքին եւ ամբողջ շրջանին վերաբերող փոխըմբռնումներու շրջագիծ», ըսաւ միւֆթի Քապալան` աւելցնելով. «Ասիկա ինքնին կը հարուածէ այն հայեցակարգը, որուն վրայ հիմնուած էր շրջանին մէջ ամերիկեան պատմական ազդեցութիւնը, եւ անիկա նաեւ կը պաշարէ Թել Աւիւը եւ զայն կը զրկէ շրջանային թթուածինէն»:

«Այս քառեակին համար որեւէ ամուր միջուկի ձեւաւորումէն աւելի կարեւորը այն է, որ անիկա կը նպաստէ ամբողջ շրջանին համար լուծումներ գտնելուն եւ Միջին Արեւելքը կը վերադարձնէ շրջանային ու միջազգային ուժի կեդրոն», ըսաւ ան:

«Յոյս պէտք չէ դնել Թել Աւիւի, Ուաշինկթընի կամ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցող որեւէ քաղաքական փոփոխութեան վրայ, որովհետեւ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այս կազմաւորումներու քուլիսներուն մէջ, շահերու խաղ է, որ աւելի մեծ է, քան քաղաքական անձնակազմերը», զգուշացուց շէյխ Քապալան:

Ժաաֆարականներու միւֆթին իշխանութիւններուն եւ լիբանանցիներուն դիմելով յայտնեց. «Ինքն իր մէջ բաժնուած տունը կը կորսնցնէ իր գոյութիւնն ու ճնշումին դիմակայելու կարողութիւնը, իսկ պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ ինքն իր մէջ բաժնուած պետութիւնը կը դառնայ աշխարհի բոլոր երկիրներուն համար աժան ապրանք»:

 

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարը Ճիւնի Այցելեց

RelatedPosts

Ներքին Գործոց Նախարարը Ճիւնի Այցելեց
Լիբանանեան

Ներքին Գործոց Նախարարը Ճիւնի Այցելեց

October 29, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 29, 2026
Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.