ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ուրբաթ, 23 հոկտեմբեր 2026-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ կազմակերպեց համալսարանական եւ մասնագիտական արեւելումի հանդիպում մը` ուղղուած հայկական վարժարաններու երկրորդական բաժիններու աշակերտներուն:
Արեւելումին իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 80 մասնագէտներ եւ համալսարաններու ներկայացուցիչներ, որոնք չորս ժամ շարունակ պատրաստակամութեամբ պատասխանեցին աշակերտներուն հարցումներուն` ներկայացնելով զանազան մասնագիտութիւններու բնագաւառները եւ զանոնք հետաքրքրող հարցերուն մասին լուսաբանութիւններ տալով:
Հանդիպումին մասնակցեցան շուրջ 400 աշակերտներ` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, Ազգային միացեալ վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանէն, Մխիթարեան վարժարանէն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանէն, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն եւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանէն:
Հանդիպումը աշակերտներուն կարելիութիւն ընձեռեց անմիջական հաղորդակցութեան մէջ մտնելու տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներուն հետ, զիրենք հետաքրքրող կամ մտահոգող տարբեր հարցերու գծով կարծիքներ ու տեսակէտ ստանալու, ծանօթանալու համալսարանական ուսման ու մասնագիտական կեանքի զանազան կարելիութիւններուն: Այսպիսով, արեւելումը դարձաւ ոչ միայն գիտելիքներ փոխանցելու, այլ նաեւ հայ երիտասարդներուն օգնելու առիթ` աւելի յստակ պատկերացում կազմելու իրենց ապագայի հեռանկարներուն մասին:
Ներկայիս տիրող անորոշ պայմաններուն մէջ, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կարեւոր կը նկատէ հայ աշակերտներուն զօրակցիլը եւ անոնց մասնագիտական կողմնորոշման գործընթացին նպաստելը: Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր աշակերտներուն տրամադրել անհրաժեշտ տեղեկութիւններն ու ուղղորդումը` օգնելով անոնց աւելի գիտակից եւ հիմնաւորուած որոշումներ տալու իրենց ապագայ ուսումնական ուղիին եւ մասնագիտական ասպարէզի ընտրութեան առումով:





