Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համատեղ թղթակցութիւն`
ԱՆՆԱ ՍԱՂՊԱԶԱՐԵԱՆ
ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
ՆԱՆՕՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ կան երեւոյթներ, որոնք առաջին հայեացքէն գեղեցիկ ու անթերի կը թուին, բայց երբ անոնց արտաքին փայլքը հեռացնենք, անոնց ետին երբեմն կը յայտնուի բոլորովին տարբեր իրականութիւն մը: Քաղաքավարութիւնը այդ երեւոյթներէն մէկն է:  Օրինակ` ժպիտ մը, քաղաքավար շարժում մը կրնան արտայայտել յարգանք, բայց կրնան նաեւ ծածկել անտարբերութիւն, կեղծիք կամ շահ:

Առ այդ, 5 հոկտեմբեր 2026-ին, «Օշական» գիրքի ակումբի հաւաքական երկրորդ զրոյցի ընթացքին հետաքրքրական քննարկում մը կատարուեցաւ մասնակիցներուն կողմէ` Յակոբ  Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան վնասները» գործի երգիծանքին, լեզուին եւ ոճին, ինչպէս նաեւ` անոր արդիականութեան:

Յակոբ Պարոնեան արեւմտահայ գրականութեան մեծանուն երգիծաբաններէն է: Հեղինակը ձաղկած է` պոլսահայ գաղութի բարքերը, կենցաղը, շուկան եւ արհեստաւորներու կեանքը: Հեղինակին լեզուն յաճախ կը կրէ առօրեայ խօսակցական կեանքի շունչը, պոլսահայ լեզուի դարձուածքները` թրքախառն ասացուածքներով: Կերպարներուն խօսքը բնական եւ շարժուն է, ինչ որ զանոնք աւելի կենդանի կը դարձնէ ընթերցողի աչքին: Պարոնեանի ոճին ամենաբնորոշ յատկութիւնը երգիծանքն ու հեգնանքն է: Այս հակադրութիւնը գործին կը հաղորդէ առանձնայատուկ հմայք եւ կը սրէ քննադատութիւնը: Այսպիսով, ան ծիծաղը կը վերածէ քննադատութեան, իսկ քննադատութիւնը` մտածումի:

Այս տեսանկիւնէն դիտուած` նշեալ գործի խորագիրն իսկ հակասութիւն մը կը պարունակէ. ինչպէ՞ս կրնայ քաղաքավարութիւնը վնասակար ըլլալ: Պարոնեան, անշուշտ, քաղաքավարութիւնը ինքնին չի մերժեր: Ան կը քննադատէ այն պահը, երբ քաղաքավարութիւնը կը դադրի անկեղծութիւն ըլլալէ եւ կը վերածուի ձեւականութեան:  Այսպիսով, քաղաքավարութիւնը կը դառնայ դիմակ մը, որուն ետին կը թաքնուի մարդու իրական դէմքը: Հեղինակը այս հակասութիւնը կը բացայայտէ երգիծանքի միջոցով:

Քննարկումի ընթացքին դիտել տրուեցաւ, որ քաղաքավարութեան վնասները միայն քաղաքավարութեան մասին գիրք մը չէ: Անոր հիմնական նպատակը մարդկային ընկերութեան կեղծ սովորութիւնները եւ հասարակութեան թերութիւնները ծաղրով ներկայացնելն է: Այն, ինչ որ մենք քաղաքավարութիւն կը սեպենք, իսկապէս քաղաքավարութի՞ւն է, թէ՞ երբեմն կեղծաւորութիւն, շահամոլութիւն եւ իրարու հաճոյանալու սովորութիւն: Պարոնեան կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ մարդը երբեմն ընկերութեան ընդունած կանոններուն կը հետեւի, ոչ թէ որովհետեւ անոնք բարոյապէս ճիշդ են, այլ որովհետեւ կ՛ուզէ ուրիշներուն աչքին լաւ երեւիլ: Պարոնեան կը փորձէ մարդը ստիպել, որ ինքնիրեն նայի հայելիի մէջ:

Պարոնեան քաղաքավարութեան դէմ չէ. քաղաքավարութիւնը մարդուն գեղեցիկ առաքինութիւններէն մէկն է: Ուրիշը յարգել, զայն չվիրաւորել, լսել, շնորհակալութիւն յայտնել եւ զսպուած խօսիլ` առողջ հասարակական յարաբերութիւններու հիմքն են:

Սակայն, երբ քաղաքավարութիւնը կը հասնի այն կէտին, որ մարդ միշտ ուրիշներուն հաճելի ըլլալու համար իր զգացումները, կարիքները եւ սահմանները կը զոհէ, ան կրնայ վնասակար դառնալ: Երկարատեւ կերպով սեփական զգացումները ճնշելը կրնայ նաեւ անդրադառնալ ընդհանուր բարեկեցութեան վրայ: Մշտական ընկճուածութիւնը կրնայ խանգարել քունը, աւելցնել լարուածութեան զգացումը եւ խաթարել մարդու առողջութիւնը: Այս պատճառով ալ ուրիշները չնեղացնելու համար միշտ ինքզինք նեղացնելը առողջ սովորութիւն մը չէ, եւ քաղաքավարութիւն չի նշանակեր անձնազոհութիւն:

Պարոնեանի երգիծանքի գրական արժէքը հոս է. ան մարդուն ուղղակի քարոզ չի կարդար, այլ կը խնդացնէ եւ ծիծաղով կը ստիպէ ընթերցողը տեսնել իր եւ իր շրջապատին թերութիւնները:

Այսօր ալ ունինք «քաղաքավարութեան» տարբեր ձեւեր.

– «Այո՛» կ՛ըսենք, երբ իրականութեան մէջ ոչ ըսել կ՛ուզենք:

– Կը ժպտինք, երբ նեղացած ենք:

– Կը լռենք անարդարութեան դիմաց` հարց չստեղծելու համար:

– Ընկերային ցանցերուն վրայ կրնանք շատ գեղեցիկ եւ քաղաքավար երեւիլ, բայց` իրական կեանքի մէջ լրիւ այլ կերպ վարուիլ:

Ուրեմն Պարոնեանի քննադատութիւնը այսօր ալ կենդանի է, որովհետեւ մարդկային բնոյթը ամբողջութեամբ չէ փոխուած: Պարոնեանի ուզած փոփոխութիւնը տակաւին մեր մէջ տեղի ունենալու կարիք ունի:

Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Պարոնեան լաւագոյնս պատկերած է Զարթօնքի ժամանակաշրջանի ընթացքին գոյութիւն ունեցող իրավիճակը` հայ ունեւոր դասակարգի մտածելակերպն ու արտաքին երեւոյթներով հրապուրուած սնափառութիւնը. այսպիսով, Յակոբ Պարոնեան` իբրեւ երգիծաբան ու քննադատ,  կը ստիպուի լոյս սփռել պոլսահայ իրականութենէն քաղուած նման իրավիճակներու` ընթերցողին ուշադրութիւնը հրաւիրելով նման անձնաւորութիւններու տրամաբանութեան ու մտածումին: Շեշտուեցաւ, որ մարդու ունեցած արժանիքները կը մնան գերադաս, նիւթականը կրնայ անցողակի ըլլալ, ինչպէս Պարոնեանի լեզուն, միտքն ու տրամաբանութիւնը մնացին անշեղ` հակառակ հեղինակին դէմ կատարուած թշնամիի կողմէ յաճախակի հալածանքին: Պարոնեանի ստեղծած տիպարները «զոհը գացին» ոչ միայն քաղաքավարութեան, այլեւ` խաբկանքի, ցուցամոլութեան, ինքնահաւանութեան ու մակերեսային վարուելակերպի:

Դիտել տրուեցաւ արեւմտահայ երգիծական գրականութեան դերակատարութեան մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ, որ գրական այս տեսակը նուազած է մեր ժամանակակից գրականութեան մէջ:

Քննարկումի ընթացքին բոլորը համաձայն գտնուեցան, որ Պարոնեանի գործը միայն իր ժամանակաշրջանին չի պատկանիր: Մարդիկ այսօր եւս երբեմն կը փորձեն հասարակութեան աչքին կատարեալ երեւիլ, իրենց իրական կարծիքները կը ծածկեն կամ կ՛ըսեն այն, ինչ որ ուրիշները կ՛ուզեն լսել: Այս իմաստով Պարոնեանի անցեալէն եկող երգիծանքը այսօր մեզի ալ ուղղուած է:

Պարոնեան մեզի կը սորվեցնէ, որ մարդուն ամենագեղեցիկ «քաղաքավարութիւնը» անկեղծութիւնն է:

«Օշական» ակումբի երրորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 9 նոյեմբեր 2026-ին, Պէյրութի ժամով երեկոյեան ժամը 8:00-ին: Հանդիպումը պիտի քննարկէ Համաստեղի «Գիւղը եւ անձրեւը» հատորը:

Անոնք, որոնք կը փափաքին մաս կազմել հաւաքին եւ ակումբի աշխատանքներուն, կրնան ամբողջացնել հետեւեալ լինքը, որպէսզի 9 նոյեմբերին ստանան zoom հանդիպումի հրաւէրը:

https://forms.gle/gDUa9qYdsg5ZkYZa9

 

 

 

Նախորդը

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

RelatedPosts

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
Զմմառու Մայրավանքի Նորակերտ Ձեռագրատան Եւ Դիւանի Բացման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Զմմառու Մայրավանքի Նորակերտ Ձեռագրատան Եւ Դիւանի Բացման Հանդիսութիւն

October 27, 2026
«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը
Գաղութային

«Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Երիտասարդական Նուագախումբին Տարեկան Համերգը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.