21 հոկտեմբեր 2026-ին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կրծքագեղձի քաղցկեղի մասին իրազեկման հանդիպում մը` կազմակերպութեամբ ԱՖՀԻԼ-ի եւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին:
Բացումը կատարեց «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց մեր առողջութեան նկատմամբ գիտակից ըլլալու կարեւորութիւնը` առողջութիւնը դիտարկելով իր ամբողջութեան մէջ` միտք, հոգի եւ մարմին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանին` համագործակցութեան համար, եւ տոքթ. Համբիկ Քուրիէին` այս անհրաժեշտ նիւթին շուրջ իրազեկման հանդիպումը վարելու համար:
Այնուհետեւ Նայիրի Առնէլեան տուտուկով կատարեց «Մախմուր աղջիկ»-ը:
Տոքթ. Քուրիէ սահիկներով ներկայացուց հիւանդութիւնը` շեշտելով կանխարգիլման եւ կանուխ ախտորոշման կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց, որ կանուխ փուլերուն յայտնաբերուած կրծքագեղձի քաղցկեղը բուժելի է, եւ կոչ ուղղեց չյետաձգելու կանխարգելիչ հետազօտութիւնները, որոնք կրնան կեանքեր փրկել:
Ապա քաղցկեղը յաղթահարած Դալարը ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ իր անձնական պայքարի վկայութիւնը` շեշտելով Աստուծոյ հանդէպ հաւատքին եւ յարատեւութեան դերը իր անցած ճանապարհին:
Հանդիպումը աւարտեցաւ վիճակահանութեամբ, որուն միջոցով ընտրուեցան 20 մասնակիցներ` ԱՖՀԻԼ-ի հովանաւորութեամբ անվճար մամոկրաֆիի հետազօտութիւն կատարելու համար:


