Երէկ երեկոյեան 2026-2027 տարեշրջանի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը 89-72 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Անդրանիկէն, «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ:
Անդրանիկ համեմատաբար աւելի լաւ պատրաստ էր, քան ՀՄԸՄ, որ իր առաջին մրցումը կատարեց կազմուելէ ետք, մինչ Անդրանիկ շաբաթ մը առաջ մասնակցած էր Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւական կազմակերպուած կը խաղային երեք մասերուն, բայց վերջին մասին չկրցան զսպել մրցակից խումբին մարզիկները եւ իրենց կարգին դիւրին կէտեր շատ կորսնցուցին Անդրանիկի կողովին տակ:
Կիսախաղին 1 կէտով ետ մնալէ ետք, ՀՄԸՄ մէկ կէտով ալ կրցաւ անցնիլ Անդրանիկին 3-րդ մասի կէսերուն (50-51), սակայն վերջին մասին, ինչպէս նշեցինք, Անդրանիկ 28 կէտ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի 15-ին դիմաց:
Մերվին Ճէյմս 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի, մինչ Ճիմի Նախլէ 16 կէտ ձեռք ձգեց 8 ռիպաունտի կողքին:
Շոնսի Քոլինզ 10 կէտ նշանակեց, մինչ խումբին 3-րդ օտարը` Սիտիքի Քոնէ 2 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Քարիմ Օուայտեթ 11 կէտ եւ 6 էսիսթ ձեռք ձգեց: Փիթըր Տեքիրմենճեան 2 կէտ եւ 3 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Օմար Եունես 7 կէտ նշանակեց ՀՄԸՄ-ի հաշուոյն: Պէտք է ըսել, որ լիբանանցի մարզիկները բաւական լաւ էին, եւ հարցը օտարներուն մակարդակն է, մանաւանդ Քոնէի պարագային:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Սանթրալը, մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Սանթրալի Ճիւնիի դաշտին վրայ:


