Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան ողնայարի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ:
Այժմ աշխարհի քառակի ախոյեանը յետվիրահատական շրջան պիտի անցընէ, որմէ ետք պիտի վերադառնայ մարզումներուն:
Այդ պատճառով ալ ան վերջերս կը բացակայէր ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքերէ եւ նոյն պատճառով ալ պիտի բացակայի Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութենէն (24 հոկտեմբերէն 1 նոյեմբեր):


