Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկա»-ի մրցանիշ հաստատեց` նշանակելով 100 կոլի ցուցանիշը ամէնէն արագ ձեւով (առանց փենալթիներու):
Նորվեկիացի յառաջապահը այս պատմական արդիւնքին հասաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի 7-րդ հանգրուանի գծով Իփսուիչի դէմ (3-0) մրցումին, ուր 2 կոլ նշանակեց: Անգլիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ 100 կոլ նշանակելու համար Հաալանտ պէտք ունեցաւ 139 մրցումներու, որ մրցանիշ մըն է:
Մանչեսթըր Սիթի 7 մրցումներէ ետք ձեռք ձգած է 21 կէտ եւ կը գրաւէ «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը:
Հաալանտ այս տարեշրջանին 6 մրցումներու ընթացքին արդէն իսկ 8 կոլ նշանակած է:


