Երբ Մոհամէտ Սալահ իր ժամկէտի աւարտէն տարի մը առաջ խզեց իր պայմանագիրը Լիվըրփուլի հետ, շատեր կը կարծէին, թէ եգիպտացի աստղը կը տեղափոխուի Էմ. Էլ. Էս. կամ Սէուտական Արաբիա: Բայց եւ այնպէս ան ցնցեց ֆութպոլի աշխարհը` միանալով թրքական Տրապիզոնսփորի:
Առաջին անգամ կը թուի, թէ Սալահ նիւթական զիջումներ կատարած է: Ան Անգլիոյ մէջ վերջին տարեշրջանին 35 միլիոն տոլար կը վաստակէր (դաշտին վրայ), մինչդեռ Տրապիզոնսփորի անոր երաշխաւորուած աշխատավարձը եւ պոնիւսները տարեկան կը կազմեն 19.7 միլիոն տոլար: Բայց իր պայմանագրութիւնը ունի «թաքնուած» կողմեր: Ֆութպոլիստը ակումբին խանութին մէջ իր անուան հետ կապուած որեւէ մարզական պիտոյքի ամէն մէկ վաճառքէն 20 տոկոս հասոյթի շահաբաժին պիտի ստանայ: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ դաշտին դուրսէն անոր վաստակած 20 միլիոն տոլարը: Սալահի ընդհանուր եկամուտները այս եղանակին կը հասնին 40 միլիոնի, որ կ՛ապահովէ անոր դիրքը` աշխարհի բարձրագոյն վճարում ստացող ֆութպոլիստներու տասնեակին մէջ:
Անգամ մը եւս պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ 41 տարեկան «երիտասարդ» Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ 300 միլիոն տոլար կը վաստակէ այս տարեշրջանին:
Ստորեւ ամէնէն աւելի վարձատրուող 10 ֆութպոլիստները.
1.- Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Նասր եւ Փորթուգալ) 300 միլիոն տոլար, (250 միլիոն` դաշտէն ներս, 50 միլիոն` ծանուցումներէ)
2.- Լիոնել Մեսսի (Ինթէր Մայեմի) 150 միլիոն տոլար, (75 միլիոն դաշտէն ներս, 75 միլիոն` ծանուցումներէ)
3.- Քիլիան Էմպափփէ (Ռէալ Մատրիտ եւ Ֆրանսա) 105 միլիոն տոլար (70 միլիոն դաշտէն ներս, 35 միլիոն` ծանուցումներէ)
4.- Էրլինկ Հաալանտ (Մանչ. Սիթի եւ Նորվեկիա) 85 միլիոն տոլար, (60 միլիոն դաշտէն ներս, 25 միլիոն` ծանուցումներէ)
5.- Վինիսիուս Ժունիոր (Ռէալ Մատրիտ եւ Պրազիլ) 67 միլիոն տոլար, (45 միլիոն դաշտէն ներս, 22 միլիոն` ծանուցումներէ)
6.- Սատիօ Մանէ (Նասր եւ Սենեկալ) 54 միլիոն տոլար, (50 միլիոն դաշտէն ներս, 4 միլիոն` ծանուցումներէ)
7.- Լամին Եամալ (Պարսելոնա եւ Սպանիա) 47 միլիոն տոլար, (35 միլիոն դաշտէն ներս, 12 միլիոն` ծանուցումներէ)
8.- Ճուտ Պելինկհամ (Ռէալ Մատրիտ եւ Անգլիա) 45 միլիոն տոլար, (29 միլիոն դաշտէն ներս, 16 միլիոն` ծանուցումներէ)
9.- Հերի Քէյն (Պայերն Միւնիխ եւ Անգլիա) 42 միլիոն տոլար, (30 միլիոն դաշտէն ներս, 12 միլիոն` ծանուցումներէ)
10.- Մոհամէտ Սալահ (Տրապիզոնսփոր եւ Եգիպտոս) 40 միլիոն տոլար, (20 միլիոն դաշտէն ներս, 20 միլիոն` ծանուցումներէ)


