Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափեն Շահեցաւ Պահրէյնի Կրան Փրին, Որ Տեղի Ունեցաւ Մալեզիոյ Մէջ

October 6, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ ապրիլին Պահէյնի մէջ տեղի պիտի ունենար «Ֆորմիւլա 1»-ի գծով Պահրէյնի կրան փրին, բայց Միջին Արեւելքի պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով անիկա ջնջուեցաւ:

«Էֆ. Այ. Էյ.» ամրան սկիզբը որոշած էր կրան փրին անունը պահել Պահրէյնի կրան փրի, բայց զայն կատարել Մալեզիոյ Սեփանկ շրջանին մէջ: Մալեզիոյ վերջին կրան փրին տեղի ունեցած էր 2017-ին, ուր նետերլանտցի Մաքս Վերշթափեն շահած էր օրին: Բ. դիրքը գրաւած էր Լուիս Համիլթըն իր «Մերսետես»-ով:

Այս անգամ ինքնաշարժները տարբեր էին, բայց Վերշթափեն շահեցաւ առաջին անգամ ըլլալով վերջին 15 կրան փրիներուն:

Վերշթափեն այս յաղթանակով հաւասարեցաւ Միքայէլ Շումախըրի 72 յաղթանակներուն, նոյն ինքնաշարժով: Շումախըր «Ֆեռարի»-ի հետ կրցած էր 72 յաղթանակ արձանագրել, մինչ Վերշթափեն «Ռետ Պուլ»-ի հետ նոյնքան յաղթանակ արձանագրեց:

Արդեօք նետերլանտցի վարորդը կրնա՞յ օրին մէկը հաւասարիլ գերմանացի Շումախըրի աշխարհի 7 ախոյեանի տիտղոսներուն, օրերը գիտեն: 4 անգամ ախոյեան Վերշթափեն այս տարի յոյս չունի ախոյեան դառնալու, մանաւանդ որ տարեշրջանի սկիզբէն «Մերսետես» շատ կրան փրիներ շահեցաւ, ուր մանաւանդ Քիմի Անթոնելլի կէտերու յստակ առաւելութիւն ունի իր խմբակից Ռասըլի վրայ (84 կէտ)` տարեշրջանի վերջին 7 կրան փրիներէն առաջ:

Անթոնելլի վերջին կրան փրիին գրաւեց Բ. դիրքը, մինչ Լուիս Համիլթըն ամբողջացուց պատուոյ հարթակը` երրորդ դիրքը գրաւելով:

Բաւական հետաքրքրական էր կրան փրին, որ մօտ մէկուկէս ժամ ուշ սկսաւ տեղատարափ անձրեւուն պատճառով, ուր ինքնաշարժներ կային, որոնք չէին շարժեր շրջավազքին վրայ:

Քանի մը անգամ «Սէյֆթի քար»-ը` ներկայացաւ մրցակիցները իրար մօտ պահելով, բայց պէտք է ըսել, որ Վերշթափեն կրցաւ մնալ առաջին դիրքին վրայ, մինչ Ռասըլ, որ Բ. դիրքին համար կը պայքարէր, խանգարում ունեցաւ եւ կորսնցուց ոսկիէ առիթ մը Անթոնելլիին մօտենալու:

Ստորեւ դասաւորումը` 17 կրան փրիներէ ետք.

ԿԷՏ
1.- Քիմի Անթոնելլի (Իտալիա) «Մերսետես» 320
2.- Ճորճ Ռասըլ (Բրիտանիա) «Մերսետես» 236
3.- Լուիս Համիլթըն (Բրիտանիա) «Ֆեռարի» 214
4.- Շարլ Լըքլեր (Մոնաքօ) «Ֆեռարի» 191
5.- Լանտօ Նորիս (Բրիտանիա) «Մաքլարեն» 188
6.- Մաքս Վերշթափեն (Նետերլանտներ) «Ռետ Պուլ» 188
7.- Օսքար Փիասթրի (Աւստրալիա) «Մաքլարեն» 128
8.- Իզաք Հաժժար (Ֆրանսա) «Ռետ Պուլ» 96
9.- Լիամ Լոսըն (Նոր Զելանտա) «Ռէյսինկ Պուլզ» 65
10.- Փիեռ Կասլի (Ֆրանսա) «Ալփին» 41
Նախորդը

«Ռազմիկ»-Ի Դերը ԼԵՄ-ի Կեանքին Մէջ

Յաջորդը

Ազգերու Լիկա. Փորթուգալ Առանց Ռոնալտոյի Յաղթեց. Նետերլանտներ Յաղթեց, Գերմանիա Հաւասարութիւն Արձանագրեց

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով  Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

October 6, 2026
«Սփարք Լիկ».  ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան
Մարզական

«Սփարք Լիկ». ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան

October 6, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.