Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ ՖԻՏԷ-ի կազմակերպած ճատրակի դպրոցականներու խմբային աշխարհի ախոյեանութեան եւրոպական փուլը:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 25 երկիրներէ 27 խումբեր: Մասնակիցները կատարեցին 8 հանգրուաններ, որոնց արդիւնքներով Պիելոռուսիոյ Մինսքի թիւ 50 գիմնազիայի խումբը դարձաւ ախոյեան:
Երկրորդ դիրքը գրաւեց Լաթվիոյ Ռիկայի թիւ 1 պետական Գիմնազեան, իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Վրաստանի Քութայիսի Անդրիա Ռազմածէի անուան թիւ 41 հանրային դպրոցը:
Հիւրընկալ երկիր Հայաստան իրաւասութիւն ունէր մասնակցելու երեք ուսումնական հաստատութիւններով: Լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած է «Մխիթար Սեբաստացի» կրթահամալիրը, որ զբաղեցուցած է հինգերորդ դիրքը: Երեւանի թիւ 77 հիմնական դպրոցը մրցաշարքը աւարտած է 6-րդ դիրքին վրայ, մինչ Այնթապի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը 13-րդ դիրքը գրաւած է:
Ամէն ցամաքամասի ախոյեան դպրոց կարելիութիւն կ՛ունենայ պայքարը շարունակելու համաշխարհային մակարդակով: Դպրոցականներու աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերին, Ղազախստանի մէջ, ուր տարբեր ցամաքամասերու ուժեղագոյն դպրոցական խումբերը կը պայքարին աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար:
Ծաղկաձորի մէջ միջազգային այսպիսի մեծ մրցաշարքի տեղի ունենալը անգամ մը եւս Հայաստանը դարձուց դպրոցական ճատրակի կարեւոր կեդրոններէն մէկը, իսկ հայկական երկու խումբեր կրցան եւրոպական փուլը աւարտել լաւագոյն 6 դպրոցներուն մէջ:


