Ազգերու լիկայի Եւրոպայի գօտիի 4-րդ հանգրուանի մրցումները սկսան կիրակի գիշեր:
Փորթուգալ առանց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Նորվեկիոյ: Նորվեկիա բացաւ մրցումին հաշիւը` կեդրոնի յետսապահ Քրիսթոֆեր Այերի շնորհիւ, բայց հազիւ 2 վայրկեան ետք Ժոաօ Քանսելօ կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: 79-րդ վայրկեանին Կոնսալօ Ռամոս նշանակեց Փորթուգալի յաղթանակի կոլը, եւ Փորթուգալ եղաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց քառորդ աւարտականի առաջին տոմսը, Դ. խմբակին մէջ:
Դանիա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Քարտիֆի մէջ` Կալեսին, շնորհիւ Ռասմուս Հոյլունտի կոլին:
Բ. խմբակին մէջ, Նետերլանտներ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սերպիան: Թէոն Քոփմէյնըրզ եւ Եոշուա Զերքզի նշանակեցին Նետերլանտներու կոլերը, մինչ Միքայլօ Ցվեթքովիչ նշանակած էր Սերպիոյ կոլը:
Գերմանիա Յունաստանի մէջ կոլ չկրցաւ նշանակել, եւ խումբերը հաւասարութեամբ աւարտեցին ելոյթը: Յունաստան Նետերլանտներու նման 8 կէտ ունի, մինչ Գերմանիա իր վերջին 2 մրցումները պէտք է յաղթէ` հասնելու համար քառորդ աւարտական:


