Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«… Մեզ Սպասող Լեռներ»

October 2, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱԳՆ ՀԱՇԷՕԼԵԱՆ

Կեանքի մէջ կան որոշ փորձառութիւններ, որոնք չեն սահմանափակուիր իրենց նպատակով: Դէպի Արարատ ուղղուած իմ ճամբաս այդպիսին էր: Անիկա ինծի համար ինքնութեան եւ պահանջատիրութեան ուղեւորութիւն մըն էր:

Արարատին առաջին անգամ մօտենալու պահուն զգացի, որ իմ առջեւս պարզապէս լեռ մը չէր: Կարծես իմ ժողովուրդիս պատմութիւնը կանգնած էր դիմացս: Այնքան ծանօթ էր, հարազատ, բայց միեւնոյն ատեն միշտ անհասանելի եղած էր մինչեւ այն առաջին վայրկեանները, երբ վերջապէս կը գտնուէի անոր լանջերուն:

Ես լեռնագնաց չեմ: Աշխարհի լեռներուն գագաթները նուաճելու փափաք մը չունէի: Իմ նպատակս միայն Արարատն էր, որ ինծի համար աւելի քան լեռ մըն է, անիկա իմ անցեալիս, իմ ժողովուրդիս յիշողութեան եւ իմ ինքնութեանս մէկ մասն է: Անոր մէջ կայ մեր ժողովուրդին ապրած ամբողջ պատմութիւնը` մեր կորուստները, մեր յոյսերը եւ մեր պայքարը: Այդ պատճառով էր, որ ուզեցի բարձրանալ Արարատ. ոչ թէ լեռ մը նուաճելու, այլ իմ պատմութեանս ու արմատներուս աւելի մօտ զգալու համար:

Արարատ բարձրանալը ինծի համար դարձաւ իւրայատուկ փորձառութիւն: Իւրաքանչիւր քայլի  կը զգայի, թէ որքա՛ն խոր են մեր արմատները: Անոր վրայ կանգնած` ես ոչ միայն իմ ժողովուրդիս վերապրումին վկան էի, այլ նաեւ` այն իրողութեան, թէ մենք ինչպէ՛ս կը շարունակենք ապրիլ, աճիլ ու ծաղկիլ որպէս ժողովուրդ: Ես մէկ մասն էի այն պահանջատէր երիտասարդութեան, որ աշխարհին յիշեցուց, թէ այս լեռը իր ժողովուրդին կը պատկանի` հոն բարձրացնելով այն դրօշները, զորս ստիպուած էին իրենց հետ գաղտնի կերպով բարձրացնել: Դրօշներ, որոնք կը ներկայացնեն իրենց ինքնութիւնը, իրենց պատկանելիութիւնը եւ կ՛արտացոլացնեն իրենց պայքարի ոգին եւ պատրաստակամութիւնը:

Դժբախտաբար ներկայիս Արարատը մեր յիշողութենէն ջնջելու փորձեր կը կատարուին` տրուած ըլլալով, որ ան հայ ժողովուրդի ինքնութեան, պահանջատիրութեան եւ պատմական ժառանգութեան ամէնէն հզօր խորհրդանիշներէն մէկն է: Հետեւաբար Արարատ բարձրանալը մեր պատասխանն է բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն պոկել պատմական Հայաստանի խորհրդանիշը մեր յիշողութենէն: Անիկա մեր դիմադրութիւնն է` պատմական անարդարութիւնները բնականոնացնելու դէմ:

Արարատի ուղեւորութիւնը վերջացաւ լերան վրայ, բայց անոր պատգամը կը շարունակուի իբրեւ դիմադրութիւն` պատմական յիշողութեան ջնջումին եւ ինքնութեան նահանջին դէմ: Որքան ալ փորձեն ջնջել մեր պատմական յիշողութիւնը, որքան ալ փորձեն մոռացութեան դատապարտել մեր արմատները, իրողութիւնը անփոփոխ կը մնայ:

 

 

Նախորդը

Ապրուած Օրեր. Ե. Տանիքէ Տանիք

Յաջորդը

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.