ՄԻՐԷՅ ԺՄՄՕ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ
2 սեպտեմբերը միշտ յատուկ նշանակութիւն ունեցած է մեզի համար: 2 սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը` արտայայտելով Արցախի հայութեան կամքը, ազատութեան ձգտումը, դիմադրութիւնը եւ հայրենի հողին վրայ ապրելու իրաւունքը:
Սակայն այսօր` 35 տարիներ ետք, 2 սեպտեմբերը կը յառաջացնէ ուրիշ զգացում մը: Կայ հարցում մը, որ դժուար է ուղղել, սակայն պէտք է համարձակինք տալ.
Ինչո՞ւ կը յիշենք Արցախի անկախութիւնը, երբ Արցախի Հանրապետութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի:
Այսօր չենք կրնար խօսիլ Արցախի մասին այնպէս, կարծես թէ ոչ մէկ բան պատահած է: 2020-ի պատերազմէն ետք Արցախի կացութիւնը վատթարացաւ, իսկ 2023-էն ետք Արցախի հայութիւնը ստիպուեցաւ լքել իր տուները եւ իր նախնիներուն հողը: Աւելի քան հարիւր հազար հայեր հեռացան Արցախէն` իրենց ետին ձգելով տուներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ, մշակութային կոթողներ եւ բազմաթիւ յիշատակներ:
Ուրեմն ի՞նչ կը տօնենք այսօր:
Արցախը միայն կառավարութիւն, դրօշ կամ քարտէսի վրայ սահման մը չէ: Արցախը ժողովուրդ է, որ ապրեցաւ այդ հողին վրայ, կառուցեց դպրոցներ եւ դաստիարակեց սերունդներ: Արցախը տուն է, եւ այդ տունը այսօր դատարկ է:
Բայց Արցախի Հանրապետութեան կորուստը չի նշանակեր, որ 2 սեպտեմբերը այլեւս իմաստ չունի: Մենք կը նշենք ժողովուրդին արդար կամքը` իր ճակատագիրը ինքնուրոյն կերպով որոշելու: Մենք կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին այդ հողին համար:
Իսկ մեզի` երիտասարդներուս համար, այսօր մեր դերը, աւելի քան երբեք, կարեւոր է:
Ոմանք երբեք չեն տեսած Արցախը, չեն քալած Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ, չեն ապրած Արցախի գիւղերուն մէջ: Անոնք Արցախի մասին շատ բաներու ծանօթ են լուսանկարներէն, պատմութիւններէն եւ հայրենակիցներու վկայութիւններէն:
Եւ ճիշդ այդ պատճառով մեր պատասխանատուութիւնը աւելի մեծ է: Մենք այն սերունդն ենք, որ պէտք է յիշէ, սորվի եւ փոխանցէ:
Պէտք է լսենք Արցախի ժողովուրդին պատմութիւնները, պահպանենք անոնց յիշողութիւնները եւ զանոնք փոխանցենք յառաջիկայ սերունդներուն: Անոնց պէտք է սորվեցնենք, թէ ի՛նչ է Արցախը, ոչ միայն իբրեւ քաղաքական հարց, այլ` ապրուած հայրենիք:
Երիտասարդութիւնը միայն ապագան չէ, երիտասարդութիւնը նաեւ անցեալի պաշտպանն է:
Եթէ մենք չյիշենք, չսորվինք եւ չպատմենք, ուրիշներ կրնան մեր պատմութիւնը նենգափոխել:
Ուրեմն 2 սեպտեմբերը պէտք է ըլլայ ոչ միայն յիշելու, այլ նաեւ պատասխանատուութեան օր: Օր մը` հարցնելու, սորվելու եւ որոշելու, թէ մենք ի՛նչ պիտի ընենք մեզի ժառանգուած այս պատմութեան հետ:
Այնքան ատեն որ հայ երիտասարդ մը կը յիշէ, կը պատմէ եւ կը փոխանցէ Արցախի պատմութիւնը, 2 սեպտեմբերը պիտի շարունակէ իմաստ ունենալ:
Արցախը կորսնցուցինք իբրեւ տարածք, սակայն չենք կրնար ջնջել մեր յիշողութենէն:


