Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգերու Լիկա. Նետերլանտներ Եւ Գերմանիա Հաւասարեցան. Հաալանտ 2 Կոլեր Նշանակեց

September 26, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի գիշեր սկսան «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած Ազգերու լիկայի 2026-2027 տարեշրջանի մրցումները:

Բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Ամսթերտամ, ուր Նետերլանտներ կը հիւրընկալէր Գերմանիան, «Եոհան Քրոյֆ»-ի անուան մարզադաշտին վրայ:

Երկու հաւաքականներն ալ նոր մարզիչներով «օժտուած» էին, ուր սպանացի պատմական միջնապահ Չաւի Հեռնանտես կը գլխաւորէր Նետերլանտները, իսկ Եուրկեն Քլոփ` Գերմանիան:

Մրցումը բաւական յարձակողական եղաւ երկու խումբերէն. Գերմանիա առաջին կիսախաղին աւելի վտանգաւոր էր, բայց Բ. կիսախաղին Նետերլանտներ գրեթէ իրենք ստեղծեցին եւ ճնշեցին մինչեւ հաւասարութեան կոլը` 92-րդ վայրկեանին:

Նետերլանտներ 12-րդ վայրկեանէն իսկ կոլ մը կրցան նշանակել շնորհիւ Լիվըրփուլի յետսապահ Վիրճել Վան Տայքի, որ սակայն չվաւերացուեցաւ ՎԱՐ-ին կողմէ, մանաւանդ որ «նարնջագոյն» մարզիկ մը ուշացուցած էր գերմանացի բերդապահ Թեր Շթեկենը:

32-րդ վայրկեանին Գերմանիա կազմակերպեց գեղեցիկ փոխանցումներով յարձակում մը, որուն աւարտին Տորթմունտի միջնապահ Ֆելիքս Նմեչա նշանակեց կոլ մը: Նետերլանտցի մարզիկները բողոքեցին, մանաւանդ որ յարձակումի պահուն, Սանտըրլենտի յառաջապահ Պրայըն Պրոպի վիրաւորուած էր, բայց յարձակումը շարունակուած… Ամէն պարագայի, պէտք է նշել, որ Պրոպիէն առաջ Քայ Հավերց իր կարգին վիրաւորուած եւ փոխարինուած էր:

Բ. կիսախաղին, ինչպէս ըսինք, մրցումը գրեթէ միակողմանի էր, ուր Չաւիի գլխաւորած խումբը ամբողջովին տիրապետեց: Կը կարծուէր, թէ մրցումը պիտի աւարտի 0-1 արդիւնքով, բայց Նետերլանտներ 92-րդ վայրկեանին արագ հակայարձակումով մը նշանակեցին իրենց հաւասարութեան կոլը` Ռուպեն Վան Պոմելի փոխանցումէն ետք:

22 տարեկան Ռոպեն հօր` Մարքի նման աշխուժ միջնապահ մըն է, որ սակայն կը գործէ աւելի ձախ կողմի վրայ, եւ իր դաշտ ներկայացած 10 վայրկեաններուն բաւական վտանգեց Գերմանիոյ բերդը:

Անոր փոխանցումը շատ կարեւոր էր Կաքփոյի համար, որ նշանակեց 1-1-ի կոլը:

Մրցումի աւարտին, Գերմանիոյ մարզիչը շնորհաւորեց իր մարզիկները եւ մրցակից խումբի, մասնաւորապէս Լիվըրփուլի մարզիկները (ուր կը մարզէր նախապէս)` Կաքփոն եւ Կրավէնպերխը:

Նոյն խմբակէն Յունաստան 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սերպիան` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Անասթասիոս Տուվիքաս 95-րդ վայրկեանին 3 կէտերը նուիրեց Յունաստանի, որ 1-0 արդիւնքով կը պարտուէր: Նորվեկիա բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դանիան` «Սքանտինաւիան տերպի»-ին:

Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ 2 կոլ նշանակեց ի նպաստ Նորվեկիոյ:

Հաալանտ (26 տարեկան) ազգային խումբին հետ այժմ 64 կոլեր ունեցաւ 56 մրցումներու ընթացքին` գերազանցելով Զլաթան Իպրահիմովիչի եւ պրազիլցի Ռոնալտոյի ցուցանիշերը: 62-ական կոլեր նշանակած էին Իպրահիմովիչ եւ Ռոնալտօ` իրենց ամբողջ ասպարէզին ընթացքին (ազգային խումբին հետ):

Նոյն խմբակէն Փորթուգալ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Կալեսին` շնորհիւ Ժոաօ Ֆելիքսի կոլին:

Նախորդը

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան

Յաջորդը

«Եու. Էֆ. Սի.» Ծառուկեան. «Յաջորդ Մենամարտը Տիտղոսին Համար Է»

RelatedPosts

«Ֆիֆփրօ 11».  Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն
Մարզական

«Ֆիֆփրօ 11». Քէյն Դուրս Մնաց Խորհրդանշական Կազմէն

November 11, 2026
Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ.  Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան
Մարզական

Եւրօ 2027-ի Զտումի Մրցումներ. Այսօր` Ֆրանսա – Հայաստան

November 11, 2026
Ըմբշամարտ.  Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…
Մարզական

Ըմբշամարտ. Տէրտէրեանի «Վրէժ»-ի Յաղթանակը…

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.