«Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի Բ. դասուած, Հայաստանը ներկայացնող Արման Ծառուկեան յայտարարեց, որ կը ծրագրէ 2027-ի սկիզբը մենամարտիլ իր կշիռի կարգի գործող ախոյեան ամերիկացի Ճասթըն Կէյճիի դէմ:
«Ղեկավարութիւնը («Եու. Էֆ. Սի.»-ի) գոհ էր իմ ելոյթէս, եւ ըսաւ, որ մենք կը խօսինք յաջորդ շաբաթ: Յետոյ ես հարցուցի, թէ արդեօք տիտղոսին համար մենամարտ կ՛ունենա՞մ: Անոնց պատասխանը դրական էր: Իմ յաջորդ մենամարտս պէտք է տիտղոսին համար ըլլայ: Ես կը ցանկամ տիտղոսին համար պայքարիլ Կէյճիի դէմ: Յոյսով եմ, որ այդ մենամարտը տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ տարուան սկիզբը», ըսաւ Ծառուկեան:
Նշենք, որ Ծառուկեան-Ռուֆի մրցումը տեղի ունեցած էր 20 սեպտեմբերի առաւօտեան, Լոս Անճելըսի «Քրիփթօ տոթ քոմ» արենային մէջ: Հայ մարտիկը փայլուն յաղթանակ տարած էր առաջին ռաունտին աւարտէն 4 երկվայրկեան առաջ` մրցակիցը նաք-աութի ենթարկելով:


