ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 4-6 սեպտեմբեր 2026-ին:
Այս տարուան բանակումը նուիրուած էր Պանք Օթոմանի գործողութեան 130-ամեակին եւ կը կրէր «Պողպատեայ կամքով` աննահանջ պայքար» կարգախօսը:
Բանակողներուն ներկայացուեցաւ Պանք Օթոմանի գործողութեան պատգամը` մերօրեայ պայքարի ուղիին մէջ: Անոնք նաեւ ծանօթացան 21-րդ դարուն պայքարելու նորարական ձեւերու: Դասախօսութիւններուն հետեւեցան հետաքրքրական քննարկումներ, ուր մասնակիցները բաժնեկցեցան իրենց կարծիքները:
Բանակումին ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ զանազան տեսակի խմբային աշխատանքներ, մրցում-խաղեր եւ ընկերային պահեր:
«Պողպատեայ կամքով` աննահանջ պայքար» կարգախօսը կրող բանակումը զաւարեանականներուն համար հանդիսացաւ գաղափարական վերանորոգման, յանուն մեր նպատակներու պայքարի կամքի դրսեւորման, ինչպէս նաեւ ընկերային կապերու ամրապնդման լաւագոյն առիթ:
Զաւարեանականները բանակումէն վերադարձան բարձր տրամադրութեամբ, նոր գիտելիքներով եւ պայքարի ուխտի վերանորոգուած ոգիով:


