Շաբաթ, 29 օգոստոս 2026-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ «Մէկ աշխարհ` մէկ մարդկութիւն» («One World: One Humanity») խորագրեալ միջկրօնական համագումարը` կազմակերպութեամբ Կրօնական դեկավարներու համաշխարհային խորհուրդին, որուն իբրեւ հիւր դասախօս` հրաւիրուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսը:
Վեհափառը չկարենալով մասնակցիլ այս համագումարին` ուղարկած էր իր պատգամը, զոր կարդաց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան: Նախքան հայրապետական պատգամի ընթերցումը` սրբազան հայրը ըսաւ. «Կ՛ուզեմ այս պատկառելի ժողովի մասնակիցներուն հաղորդել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ողջոյնները: Ան իր պատգամը կ՛ուղարկէ աստուածաշնչական մայրիներու երկիր Լիբանանէն, որ վերջին կէս դարուն շարունակաբար կ՛արիւնի քաղաքական եւ ռազմական հակամարտութիւններու պատճառով, բայց փիւնիկի նման մոխիրներէն յարութիւն կ՛առնէ խաղաղութեան եւ արդարութեան յոյսով»:
Խորհուրդի հիմնադիր դոկտ. Պաուա Ճէյն երեքշաբթի, 1 սեպտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեց իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելու համար վեհափառ հօր: Ան ջատագովը ըլլալով համաշխարհային խաղաղութեան` իր պաշտօնի բերմամբ այցելած է համարեայ բոլոր երկիրներու կրօնապետներուն, ինչպէս նաեւ` քաղաքական անձնաւորութեանց, համագործակցութեան եզրեր ստեղծելու համար: Քանի մը տարի առաջ ան գտնուած ըլլալով Լիբանան` ջերմապէս հիւրընկալուած է վեհափառ հայրապետին կողմէ, որուն ազդեցութեան տակ ան անկեղծ յարգանք կը տածէ Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ առ հասարակ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հանդէպ` ի մասնաւորի:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամին անգլերէնէ թարգմանութիւնը.
«Սիրելի՛ բարեկամներ,
«Ջերմօրէն կ՛ողջունեմ սիրելի բարեկամիս` դոկտ. Պաուա Ճէյնի նախաձեռնած եւ կազմակերպած սոյն հաւաքը: Արդարեւ, այս ժողովը, պատմութեան այս վճռորոշ փուլին, ժամանակաբուխ ձեռնարկ է:
«Վտանգաւոր ժամանակներու մէջ կ’ապրինք` դիմագրաւելով հսկայական մարտահրաւէրներ եւ տարբեր բնոյթի ու տարողութեան աղէտներ: Մարդկութիւնը կը գտնուի արդի պատմութեան խաչմերուկներուն` տատանելով յոյսի ու յուսահատութեան միջեւ, ընկերային կեանքի զանազան ոլորտներու մէջ զարգացումներու եւ հակահոսանքներու միջեւ: Մարդկային արժանապատուութիւնը կը գտնուի վտանգի առջեւ, արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութենէն զրկուած են շատ մը ընկերութիւններ, անարդարութիւնը, իր տարբեր ձեւերով եւ դրսեւորումներով, խստօրէն կը վնասէ մարդկային կեանքը` թողելով երկարաժամկէտ հետեւանքներ:
«Աշխարհի այս ներկայ իրավիճակը կրօնէն կը պահանջէ, որ`
«- Առաջին. Վերամանրամասնէ Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ ստեղծուած մարդ արարածի ինքնըմբռնումը` միաստուածեան կրօններու ուսուցումներու հիման վրայ: Ի՞նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ: Ի՞նչ է մարդու եզակի կոչումը` ուրիշին, իր միջավայրին եւ Աստուծոյ նկատմամբ:
«- Երկրորդ. Վերահաստատէ առանցքային կարեւորութիւնը` պատասխանատուութեան, հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան, որոնք մնայուն անկում կ՛արձանագրեն ներկայ հասարակութիւններու մէջ` իշխուած այնպիսի միտումներով եւ գործելաոճերով, որոնք երկնայինը հեռու կը պահեն մարդու կեանքէն:
«- Երրորդ. Վերաշեշտէ կրօններու իւրայատուկ դերակատարութիւնը, որ, ըստ տարիներու իմ փորձառութեան, յոյժ կարեւոր կը նկատեմ միջկրօնական երկխօսութեան, համատեղ խորհրդածութեան եւ գործունէութեան ոլորտներուն մէջ:
«Հետեւաբար կրօնական առաջնորդերուն ուսերուն կը դրուի կարեւոր դերակատարութիւն.
«Ա) երբ անհանդուրժողականութիւնը ներքին լարուածութիւն կը յառաջացնէ բազմաթիւ ընկերութիւններու մէջ, կրօնական առաջնորդութեան հիմնական աշխատանքը այդ չարիքը արմատախիլ ընել է ընկերային կառոյցէն:
«Բ) Երբ յուսահատութիւնը իր իշխանութիւնը կը հիմնէ բռնութեամբ եւ անարդարութեամբ, աղքատութեամբ եւ մերժումով պառակտուած ընկերութիւններու մէջ, կրօնական առաջնորդութեան հիմնական կոչումը յոյս ներշնչել է:
«Գ) Երբ անարդարութիւնը կը դառնայ գոյաբանական իրականութիւն` խորապէս ազդելով եւ քայքայելով համայնքներու կեանքը, կրօնական առաջնորդներու հիմնական խնդիրը արդարութեամբ պարուրուած խաղաղութեան պատգամաբերը ըլլալն է:
«Դ) Երբ բեւեռացումը հակամարտութիւններ կը պատճառէ եւ բաժանումներ կը ստեղծէ աշխարհի տարբեր հատուածներու մէջ, կրօնական առաջնորդներու առաջնային առաքելութիւնը կամուրջներ կառուցող ըլլալն է:
«Ե) Երբ օտարացումը կը փոխարինէ մերձեցման, իսկ պատերազմը` դիւանագիտութեան, կրօնական առաջնորդներու հիմնական պատասխանատուութիւնը երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման հրաւիրելն է:
«Ի դէպ, պառակտուած հասարակութիւններ, մոռացութեան ենթարկուած ընկերութիւններ, լուսանքայնացածներ կրօնին կը դառնան բուժման եւ հաշտեցման, արդարութեան եւ արժանապատուութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ ընդունման համար: Արդարեւ, կրօն մը իր իսկական իմաստն ու իրական կոչումը ձեռք կը ձգէ, երբ կը գործէ իր արժէքներուն եւ ուսուցումներուն հիման վրայ:
«Ուստի, մարդկութեան սպառնացող ճգնաժամերու դիմաց կրօնական առաջնորդները պէտք չէ լոկ դիտողներ մնան: Անոնք հրաւիրուած են միասին գործելու` ամուր յանձնառութեամբ եւ ընդհանուր պատասխանատուութեան խոր զգացումով»:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ





