. ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ազգային խումբին բերդապահը` Էմիլիանօ Մարթինես պիտի լքէ Ասթոն Վիլան եւ պիտի միանայ Չելսիին, ըստ Ֆապրիցիօ Ռոմանոյի: Նախապէս Թոթենհամ նպատակ ունէր ձեռք ձգել Մարթինեսը, բայց այժմ ան կեդրոնացած է այլ բերդապահներու վրայ:
. ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ազգային խումբի միջնապահ Լէոն Կորեցքա վերջապէս լքեց Պայերն Միւնիխը եւ միացաւ Անգլիոյ Ասթոն Վիլա ակումբին:
Երկար ժամանակէ ի վեր Կորեսցքա կապի մէջ մտած էր շատ մը խումբերու հետ` իր պայմանագրութիւնը աւարտելէ ետք Պայերն Միւնիխի հետ: 2018-էն ի վեր Պայերնի մարզիկ 31 տարեկան Կորեցքա այժմ Ասթոն Վիլայի մարզիկ է:
. ԱՆԳԼԻՈՅ Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը լրջօրէն կը մտածէ ձեռք ձգել Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի մարզիկ Էտուարտօ Քամավինկան: Վերջին 2 տարեշրջաններուն Քամավինկա ընդհանրապէս պահեստի դեր ունէր Ռէալ Մատրիտի հետ, եւ իր ապագային համար շատ աւելի լաւ կ՛ըլլայ անոր խումբ փոխելը:
. ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ համաձայնեցաւ իր կազմին միացնել Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ Պրատլի Պարքոլան, որ քանի մը ամիսէ ի վեր դժգոհ էր պահեստի մարզիկ մնալէ Փարիզի կողմին հետ:
23 տարեկան Պարքոլայի փոխանցումը 117 միլիոն կրնայ արժել, բայց պոնիւսներու ներառումով այդ արժէքը կրնայ բարձրանալ 164 միլիոնի:
. ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ յայտարարեց, թէ ձեռք ձգած է Խրուաթիոյ ազգային խումբի բերդապահ Տոմինիք Լիվաքովիչը թրքական Ֆեներպահչէէն: 31 տարեկան բերդապահը մինչեւ 2030 պիտի ըլլայ քաթալաններու բերդապահը:


