Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ի Հայաստանը Հեռացնելու Թէ Չհեռացնելու Որոշումը Կը Պատկանի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդին»

August 28, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը տէ ֆաքթօ չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի քննարկումներուն, սակայն տէ ժիւրէ կը մնայ միաւորման անդամ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով:

«Դուք գիտէք, մենք շատոնց կը քննարկենք այս հարցը: Տէ ֆաքթօ այսօր Հայաստանը չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ հարցերու քննարկման, տէ ֆաքթօ Հայաստանը իր աշխատակիցները, զինուորները եւ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան աշխատակիցները չ՛ուղարկեր մասնաչափային պաշտօններու, եւ արդէն երրորդ տարին է` Հայաստանը չի վճարեր անդամավճարները: Սակայն տէ ժիւրէ անոնք կը մնան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ», նշած է ան:

Ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, Հայաստան լուրջ ներդրում ունեցած է ՀԱՊԿ-ի զարգացման գործին մէջ, հայ ժողովուրդը, այս կամ այն ժամանակահատուածին մէջ, աջակցած է երկրի ղեկավարութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

«ՀԱՊԿ-ի Հայաստանը հեռացնելու թէ չհեռացնելու որոշումը կը  պատկանի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին, ուր խորհուրդի անդամներն են մեր անդամ երկիրներու գերագոյն ընդհանուր հրամանատարները: Այդ որոշումը անոնց կը պատկանի: Սակայն ես կը կարծեմ, որ որոշումներ տալու ընթացքին միշտ պէտք է հաշուի առնել բոլոր հանգամանքներն ու պահերը», նշած է ան:

Մասատիքով նշած է, որ եթէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը` տուեալ պարագային վարչապետ Փաշինեանը, այդ մասին յայտարարած է, ուրեմն, հաւանաբար, կան տարբեր օրակարգեր:

«Քաղաքական գործիչները ճիշդ ատոր համար ալ քաղաքական գործիչներ են, որպէսզի արծարծեն այս հարցը, բարձրացնեն քննարկման աստիճանը, ետքը` իջեցնեն», ըսած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած էր, թէ հանդէս կու գայ հանրապետութեան ՀԱՊԿ-էն դուրսբերման օգտին եւ գոհ պիտի ըլլայ, եթէ ատիկա տեղի ունենայ: Անոր համաձայն, ատիկա Երեւանը պիտի ազատէ երկընտրանքէն` դուրս գա՞լ, թէ՞ չգալ կազմակերպութենէն:

 

Նախորդը

Մոսկուա. «Արեւմուտքը Հայաստանին «Հարաւկովկասեան Երկաթուղի»-ի Հարցին Մէջ Շանթաժի Կ՛ենթարկէ»

Յաջորդը

Զախարովա. «Չենք Կրնար Անտարբեր Մնալ Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցող Քաղաքական Հոլովոյթներուն Նկատմամբ»

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական  Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առեւտրական Կապերու Ընդլայնման Տարբերակներու Քննարկում

October 15, 2026
Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի  Համաշխարհային Բ. Պատերազմի  Զոհերու Յուշարձանը
Հայկական

Ազրպէյճան Ոչնչացուցած Է Շոշ Գիւղի Համաշխարհային Բ. Պատերազմի Զոհերու Յուշարձանը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.