Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օսմանեան Դրամատան Գրաւման 130-Ամեակ. Պանք Օթոմանը` Հայ Ազատագրական Պայքարի Վճռականութեան Խորհրդանիշ

August 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պանք Օթոմանի գրաւումը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ցուցական առաջին վճռական գործողութիւնն էր, որ դարձաւ ազգային ազատագրական պայքարի վճռականութեան խորհրդանիշ եւ գերագոյն անձնազոհութեան բացառիկ օրինակ:

Հայկական գաւառներուն մէջ օսմանեան պետութեան քաղաքական հայահալած քաղաքականութիւնը եւ հայութեան անլուր տառապանքները ծանրագոյն աստիճանի հասած էին:

Հայութեան նկատմամբ կիրարկուող պետական ջարդարարական քաղաքականութեան դէմ զինուած դիմադրութիւնը հետզհետէ կազմակերպուած բնոյթ ստացաւ:

Սուլթան Համիտի կառավարութիւնը հայերու ազատագրական շարժումը ճնշելու եւ Հայկական հարցին վերջ տալու նպատակով 1895-1896-ին 300 հազար հայեր կոտորեց:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց գրաւել Պանք Օթոմանը:

«Ազդակ» տարբեր տարիներու իր խմբագրականներով թէ յօդուածներով միշտ նշած է, որ Պանք Օթոմանի գրաւման նման նախադէպ մինչ այդ չէ արձանագրուած յեղափոխական եւ ազատագրական շարժումներու տարեգրութեանց մէջ: Շեշտուած է նաեւ, որ ձեռնարկին նպատակը եղած է ցնցիչ հարուած տալ օսմանեան պետութեան, վնասել Թուրքիոյ մէջ եւրոպական դրամագլուխին եւ ստիպել արեւմտեան մեծ պետութիւնները` միջամտելու ի նպաստ հայկական գաւառներու մէջ բարենորոգումին:

Պանք Օթոմանի գրաւման գաղափարին հեղինակը Բաբգէն Սիւնին էր:

Յեղափոխական 26 անձնուրացներ 14 օգոստոս 1896-ին գրաւեցին Պոլսոյ օսմանեան դրամատունը:

Հայ յեղափոխականները նոյն օրը Պոլսոյ եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն յղեցին շրջաբերական մը, ուր կ՛ըսէին, որ Պանք Օթոմանէն դուրս պիտի չգան, մինչեւ որ սուլթանը խոստում տայ հայկական հարցը յանձնելու միջազգային իրաւարարութեան մը:

«Ազդակ» կը յիշեցնէ, որ Պանք Օթոմանը միջազգային հանրային ուշադրութիւնը Հայկական հարցին վրայ հրաւիրող գործողութիւն էր, գրաւուածը օսմանեան դրամատունն էր, պաշտօնեաները հիմնականօրէն թուրքեր էին, եւ պահ դրուած գումարները` եւրոպացի գործարարներու հարստութիւնները, որոնց համար ալ պիտի քանդուէր լռութեան եւ անտարբերութեան պատը:

«Ազդակ» շեշտած է նաեւ, որ Պանք Օթոմանը պէտք է արժեւորել իր ժամանակի պայմաններուն, օրհասի թելադրականութեան, ազատագրական պայքարի ճշդած կանոններուն եւ այս պարագային թիրախին եւ պատանդներու ինքնութեան նկատառումներու լոյսին տակ:

Նախորդը

Վերընթերցելով «Ապրուած Օրեր»-ու Հմայքն Ու Հնչեղութիւնը (Պանք Օթոման – 130-Ամեակ)

Յաջորդը

Էնտի Կրինի Նոր Մրցանիշը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.