ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Աշխարհիս վրայ ոչ ոք վճարեց այդքան արիւն
իր ազատ ապրելու իրաւունքը ձեռք բերելու համար:
ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ
Ընթացիկ տարուան մայիսին, շնորհակալութեամբ ստացած էի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն`Արմէն Գարոյի «Ապրուած օրեր»-ը:
Պահ մը յետաձգեցի անոր ընթերցումը, ի մտի ունենալով որ այս տարի Պանք Օթոմանի 130-րդ ամեակն է: Անշուշտ, այլապէս ալ պատեհ առիթ պիտի ըլլար ամբողջ յիշողութիւն մը վերաթարմացնելու`այս սխրալիր գործողութեան մասին, հմայուելու Արմէն Գարոյի ուժեղ անհատականութեամբ, ինչպէս նաեւ լոյսին բերելու յեղափոխական տղոց արարքին պայծառ հնչեղութիւնը:
Տեղին է ընդգծել, որ այս գիրքը ուղղուած է նաեւ բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն պատճառով ուզած են, ցարդ կը փորձեն նսեմացնել այս արարքին մեծութիւնը, պարզապէս յագուրդ տալու իրենց մտքի բոպիկութեան եւ տխեղծ տրամաբանութեան:
Փաստօրէն, Արմէն Գարոյի այս յուշագրութիւնը վեհափառ ծառայութիւն մըն էր նաեւ յետնորդ սերունդներուն` խորապէս իմանալու այս ոգեւորիչ աքթին բազում երեսները, յաջող թէ ձախող կողմերը, նպատակը, ուղղուածութիւնն ու թշնամիներու զազրելի պահուածքը:
* * *
Արդար է ըսել, որ ոեւէ ընթերցասէր, երբ իր սեղանին կ՛ունենայ նորովի հրատարակուած գիրք, նախ` երախտագիտութեամբ կը լեցուի հանդէպ նուիրողին, ապա հոգեգրաւ վիճակ մը կը պատէ ներսիդին` այն առումով, որ հասցէագրուած եւ խնամքով ուղարկուած գիրքը պիտի արժանանայ, այս պարագային, վերընթերցման եւ ինչու չէ նաեւ`ի սրտէ գրուած գրախօսութեան մը:
Ճիշդ է, որ վերոնշեալ գիրքը ծանօթ է հայ հասարակութեան վաղուց անտի, երբ լոյսին եկած է տասնամեակներ առաջ ու իր շուրջ ստեղծած այնպիսի հոգեգրաւ ու արժանահաւատ հետաքրքրութիւն, որով դաստիարակուած են սերունդներ ամբողջ, պարզապէս որովհետեւ հեղինակը` Արմէն Գարօ, հանդիսացաւ այն բացառիկ ու եզակի յեղափոխական տիպարը, որ բանիւ ու գործով ցոյց տուաւ իր մարդկայինի ու կուսակցականի նկարագիրն ու խառնուածքը, այլապէս ներշնչելով երիտասարդական փաղանգներ, որոնք, իրենց կարգին, նետուեցան պայքարի դաշտ, մաքառեցան, յոյս ու կորով բաշխեցին`ազատ ու անկախ հայրենիք մը ունենալու համար:
Արմէն Գարօ:
Գիրքին մէջ տեղ գտած վաստակաւոր դաշնակցականներու` Գաբրիէլ Լազեանի եւ Սիմոն Վրացեանի պատկառելի գրութիւնները Արմէն Գարոյի մասին, այնքան հարազատ ու ամբողջական ձեւով ներկայացուած են, որ իւրաքանչիւր հայորդի պահ մը, սապէս, շշմած ու մտամոլոր, կը սկսի ներհուն հայեացքով մը այս մեծ յեղափոխականին կենդանագիրը ուրուագծել, այլապէս հպարտութեամբ լեցուելու, առաւել զօրանալու եւ ըմբռնելու ՀՅ Դաշնակցութեան բազմաոլորտ ու ազգանուէր գործունէութիւնը:
Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ`«Գարօ ո՛չ հռետոր էր, ո՛չ ալ գրագէտ, զինք կը հետաքրքրէր լուծումը գործնական հարցերու, որոնք իր ժողովուրդի դատին հետ կապուած էին: Ան չէր սիրեր տեսաբանական խնդիրներու շուրջ վիճաբանութեան մտնել»:
Իսկ Սիմոն Վրացեանի խօսքով, «Ամբողջական անհատականութիւն մըն էր: Անոր նմանները շատ չէին մեր մէջ: Եւ, անշուշտ, այդ էր պատճառը, որ ան անսահման հմայք ու հեղինակութիւն կը վայելէր ամէնուր, բայց, մանաւանդ, երիտասարդներու եւ դաշնակցական մարտիկներու կողմէ, հմայք`պաշտամունքի աստիճան»:
Արդ, ընդգծել է պէտք, որ այս գիրքին կենսունակութիւն տուող պատճառներէն մէկն ալ անոր բովանդակութեան այնքան հրապուրիչ ու հաղորդական ըլլալն է, որով Արմէն Գարօ յաջողած է` շնորհիւ իր անկեղծ, ժուժկալ եւ գաղափարական էութեան եւ հաւատամքին:
«Ապրուած օրեր»:
Հայ յեղափոխական գրականութեան անդաստանին մէջ իր ուրոյն տեղը ունի այս հատորը, նախ իբրեւ յուշագրութիւն, որ լիացած է կենսագրական տուեալներով, ապա`իբրեւ կենդանի վկայութիւն Պանք Օթոմանի գործողութեան, որ օրին ցնցեց թուրք օսմանցին եւ եւրոպական երկիրներու ներկայացուցիչները, որոնք անակնկալի եկած`ահ ու սարսափի մատնուած էին ի տես հայ յեղափոխականներու յանդուգն եւ քաջարի արարքին:
Արմէն Գարօ շնորհիւ իր ազնուականի խառնուածքին, դաշնակցականի անբասիր նկարագիրին ու հայրենասիրական բարձր գիտակցութեան, այնքան պարզ ու անպաճոյճ ոճով գրի առած է իր յուշագրութիւնը, որ մարդ կը զարմանայ, թէ ինչո՛ւ չէ ուզած գեղարուեստական շունչով պարուրել զայն, ընդհակառակն, դէպքերու թէ անհատներու մասին իր նկարագրութիւնը այնքան մը հարազատ են, որ կարծես, մեզի ժամանակակից ըլլային անոնք`իրենց առանձնայատուկ տիպականութեամբ:
14 օգոստոս 1896:
Պանք Օթոմանի գործողութեան թուականն է, զոր տարիներէ ի վեր մենք` «խեղճ» դաշնակցականներս կը յիշենք ու կը յիշեցնենք մեր շրջապատին, հպարտութեամբ եւ համոզումով, որովհետեւ քաջ գիտակցած ենք անոր արժէքին ու մեծութեան:
Ըստ յուշագրութեան, գրաւումէն քանի մը ամիս առաջ, արդէն, մեր տղաքը, «միամիտ» յեղափոխականները որոշեր են Պոլսոյ մէջ հզօր եւ ցնցիչ գործողութիւն մը կատարել: Այո՛, գործողութիւն մը, որ պիտի հակադարձէր համիտեան ջարդերուն, զորս կազմակերպած էր սուլթանը ամբողջ Արեւմտահայաստանի տարածքին` պատճառ դառնալով 300,000 հայերու սպանդին:
Ու այդ գործողութեան միտքն ու ոգին հանդիսացեր է քսաներեքամեայ խիզախ մարտիկ Բաբգէն Սիւնի (Փարեան), որ յաջողութեամբ կատարեր է իր ստանձնած պարտականութիւնը`զինամթերքի ապահովումն ու փոխադրութիւնը, այս կամ այն կողմ, այդ ալ թուրք ոստիկաններու եւ լրտեսներու աչքերուն ներքեւ:
Օրին, ՀՅԴ Պոլսոյ Կեդր. կոմիտէի այս նախաձեռնութեան հաւանութիւն տուած է ՀՅԴ Բիւրոն, որուն ներկայացուցիչը`Ա. Վռամեան, մեծապէս օգտակար է դարձեր յանուն գործողութեան յաջողութեան:
Սրբազան այս գործողութեան նպատակը եթէ մէկ կողմէ լուսարձակի տակ առնելն էր համիտեան ջարդերը, ապա միւս կողմէ կը նպատակադրէր եւրոպական երկիրներու ուշադրութիւնը հրաւիրել հայութեան դէմ կատարուած սպանդին, ինչպէս նաեւ`խոստացուած մայիսեան բարենորոգումներու իրագործման:
Արմէն Գարօ, Հրաչ Թիրիաքեան, որոնք տակաւին ուսանող էին Ժընեւ, կը հրաւիրուին Պոլիս մասնակից ըլլալու գործողութեան:
Խիզախութեամբ եւ գաղափարայնութեամբ հոգեզինուած Բաբգէն Սիւնի արդէն տեսած էր ամբողջ պատրաստութիւնը: Նախատեսուած 75 մասնակիցներէն միայն 31 հոգի կը ներկայանան յարձակման օրը: Ինչպէս միշտ, դասալիք ու վախկոտ մարդու տեսակի ներկայութիւնը նման վիճակներու մէջ բացառութիւն չէ եղած:
Նախատեսուած գործողութիւնը ունէր բազմաթիւ կողմեր. Սամաթիոյ մէջ տղաքը պիտի յարձակէին զօրանոցի մը վրայ: Խ. Գնունի, Արտաշէս Անդրիասեան եւ Արտաշէս Միսաքեան ստանձնած էին գործողութիւնը: Անոնք կը բացայայտուին եւ կը կռուին մինչեւ մահ: Ղալաթիոյ եւ Բերայի շրջաններու մէջ նոյնպէս ռումբեր պիտի տեղային այս կամ այն զինուորական կառոյցներու վրայ:
Այլ ընկեր մը, տեսնելով տղոց մուտքը Պանք Օթոման, հաղորդագրութիւններ պիտի տանէր եւրոպական դեսպանատուներ: Կէսօրուան ժամը երկուքին, քաջարի տղաքը կը մտնեն Պանք Օթոման: Դրան առջեւ հրացանաձգութիւն, տակնուվրայ վիճակ: Բաբգէն Սիւնի կը նահատակուի իր ընկերոջ հետ:
Արմէն Գարօ կը ստանձնէ ղեկավարութիւնը: Դրամատունէն ներս թէ դուրս` սաստիկ հրացանաձգութիւն եւ ռումբերու տարափ: Աւելի քան 150 պաշտօնեաներ պատանդ կը բռնուին ու կ՛արժանանան մեր տղոց մարդկային վերաբերումին:
Ժամ առ ժամ կացութիւնը կը վատթարանայ: Ու տղաքը կը յաջողին փակել դրամատան փեղկերն ու դուռը: Պանքը պաշարուած է, թուրքը կը սպառնայ, բայց չի յաջողիր մուտք գործել: Արմէն Գարօ` շնորհիւ իր կամքին ու նուիրուածութեան, կը յաջողի ձեռք առնել գործողութեան ամբողջ ղեկավարումը եւ կը սկսի բանակցիլ ռուս դեսպան Մաքսիմովի հետ: 18 ժամուան գործողութենէն ետք տղաքը դուրս կու գան դրամատունէն եւ կ՛ուղղուին դէպի ծովափ, ֆրանսական «Ժերոնտ» նաւով ուղղուելու Մարսէյ:
Պանքին մէջ ներկայ պաշտօնեաներու իսկ վկայութեամբ, յեղափոխականներու քաջութիւնն ու մարդկային վերաբերումը աննման է եղած հանդէպ թուրք թէ օտար պաշտօեաներու: Անոնք կողոպուտի չէին եկած, ոչ ալ մարդասպանութեան, այլ դիմած էին այս գործողութեան իրենց ազգին դատը հետապնդելու:
Պանք Օթոմանի դասեր:
Արմէն Գարոյի իսկ խոստովանութեամբ, գործողութիւնը, ըլլալով հանդերձ բուռն եւ կորովի, ենթարկուեցաւ խաբէութեան, ինչ որ վհատութեան ցուցանիշ էր տղոց համար: Աւելի՛ն. անոր վկայութեամբ իսկ, գրաւումի պահուն իսկ ջարդերը սկսած էին Պոլսոյ թաղերուն մէջ: Գազանացած թուրք ոստիկանն ու քաղաքացին դիմած էին սպանդի: Եւրոպացի դեսպաններու միջամտութիւնը լոկ ձեւական էր եւ ոչ մէկ արդիւնքի հասնող:
Գործողութեան նախօրէին, ըստ Գարոյի, ոստիկանութիւնը իր լրտեսներով կը հետապնդէր զինք ու այլ յեղափոխականներ, ուստի, կասկածներ առկայ էին: Բայց տղաքը շրջանցած էին եւ շարունակած գործողութեան պատրաստութիւնը:
Փաստօրէն, հատորին մէջ ընթերցողը կը տեսնէ տղոց վճռակամութիւնը, քաջ ու արի կեցուածքին տարողութիւնը, դաշնակցական տիպարի իւրայատկութիւնը, բայց մանաւանդ` ընկերականութիւնը, կարգապահութիւնն ու հաւատաքը:
Արմէն Գարոյին ազգասիրութեան եւ գաղափարական ներաշխարհին խորունկ արտայայտութիւնն է հատորը, ուր դաշնակցական գործին մեծութիւնն ու խայտանքը կը պայծառանան ու սեփականութիւնը կը դառնան իրերայաջորդ սերունդներու:
Իրօք, հատորի ընթերցումով իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին մէջ դարձեալ կ՛ուրուագծուի դաշնակցական ղեկավարի թէ համեստ յեղափոխականի մարտական կեանքի մկրտութիւնը, կռուելու եւ նահատակուելու հաստատակամութիւնը:
«Ապրուած օրեր»-ը յուշագրութենէ մը շատ աւելին է, գանձ մըն է` մարդկային ու գաղափարական արժէքներով լիացած եւ սրբազան յարացոյց սերունդներու:
Յայտնապէս, 130 տարիներու հեռաւորութիւնը ոչ մէկ նշանակութիւն կրնայ ունենալ այնքան ատեն որ սերունդներ կը դաստիարակուին յեղափոխական տղոց ապրումներուն խայտանքով եւ իրաւ դաշնակցականի կերպարով:
Այլապէս ալ նման տիպարներու շօշափելի կենդանութիւն տալու համար, մեր ազգային պարունակը պարտաւոր է գէթ մշակութային կեանքի ոլորտներու մէջ լոյսին բերել նման անկրկնելի սխրանքներ` նորահաս սերունդին ներկայացնելու անոնց անպարագծելի հայրենասիրութիւնն ու ազատութեան հասնելու վճռակամութիւնը:
Եթէ երբեք ժառանգորդն ենք նման հերոսներու, պարտաւոր ենք լոյսին բերել անոնց մեծութիւնը, ոգեւորել, ներշնչելու նորահաս սերունդի տղաքն ու աղջիկները, որոնք այնքան կարիքը ունին գաղափարական դաստիարակութեան, մանաւանդ մեր օրերու դաժան ու ապազգայնացնող պայմաններուն մէջ:


