Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու 9 օգոստոսին իր կառավարութեան շաբաթական հերթական նիստի ընթացքին յայտարարեց. «Իսրայէլ կը մերժէ Կազայի խաղաղութեան խորհուդին հրապարակած 15 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթը», ընդգծելով, որ Համաս շարժումի իր բոլոր զէնքերէն` ծանրներէն ու թեթեւներէն «իսկական եւ ոչ թէ ձեւական» զինաթափումէն առաջ իսրայէլեան բանակի հեռացում տեղի պիտի չունենայ:
Ան նաեւ շեշտեց, թէ այնքան ատեն որ ինք վարչապետ է, ո՛չ Կազայի մէջ, ո՛չ ալ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինեան պետութիւն պիտի ստեղծուի, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատելէ ետք Միացեալ Նահանգներու եւ անոր նախագահին հետ Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու փորձերուն դէմ գործընկերութիւնը ընդգծեց, թէ գիտէ ինչպէ՛ս իր դիրքորոշումներուն կառչիլ, անհրաժեշտութեան պարագային նոյնիսկ լաւագոյն բարեկամներուն` իմա Թրամփի եւ Միացեալ Նահանգներուն դէմ:
Նեթանիահու նաեւ վերահաստատեց, թէ այնքան ատեն որ ինք վարչապետ է, համաձայնութիւն գոյանայ թէ ոչ, Իրան հիւլէական զէնք պիտի չունենայ:
Այս յայտարարութիւնները բացառապէս կ՛առնչուին Իսրայէլի մէջ 27 հոկտեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Մինչեւ այն ատեն որ ես վարչապետ եմ» արտայայտութիւնը այդ մէկը յստակօրէն կ՛ընդգծէ եւ նուազագոյն կասկածն իսկ կը վերացնէ:
Այդ յայտարարութիւնները նաեւ կը բացայայտեն Կազայի վերաբերեալ Խաղաղութեան խորհուրդի 15 կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթին շուրջ Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տարակարծութիւններու գոյութիւնը:
Քաղաքական աղբիւր մը իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեց, որ այդ տարակարծութիւնները կրնան Թրամփի վարչակազմին հետ ճակատումի յանգիլ, եթէ կարելի չըլլայ փոխըմբռնում գոյացնել: Իսրայէլեան մէկ այլ օրաթերթ մը` «Մաարիւ», իր կարգին նշեց. «Լիբանանի եւ Կազայի մէջ ամերիկեան ճնշումը իսրայէլեան քաղաքական իշխանութեան շահերուն համահունչ չէ»: Բացառուած չէ, որ ամերիկեան կողմը Նեթանիահուի յայտարարութիւններուն նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերէ, նկատի ունենալով անոնց դրդապատճառը` ընտրական հաշիւը:
Նախընտրական ներկայ մթնոլորտին մէջ հարաւային Լիբանանէն կամ Կազայէն իսրայէլեան հեռացում մը բացառուած է, որովհետեւ այդ մէկը Իսրայէլի ու անոր հասարակութեան կողմէ «ահաբեկչական» նկատուող Համասին ու Հըզպալլային, ինչպէս նաեւ անոնց հովանաւոր Իրանին իբրեւ զիջում ու անոնց դիմաց նահանջ պիտի մեկնաբանուի եւ մեծապէս վնասէ Նեթանիահուի վերընտրութեան յոյսերուն:
Հարաւային Լիբանանէն ու Կազայէն հեռանալը մերժող դիրքորոշումը այդ քայլը կատարելու արդէն իսկ դժկամող Նեթանիահուի համար պատրուակէ մը աւելին է. անիկա կապ ունի Նեթանիահուի ոչ միայն իշխանութեան, այլ նաեւ քաղաքական ասպարէզի գոյատեւման հետ` նկատի ունենալով անոր երկար ատենէ ի վեր դիմագրաւած դատական հայցերը:
Մինչեւ 27 հոկտեմբեր Լիբանանն ու Կազան Իսրայէլի վարչապետին համար կարմիր գիծեր են, ուստի սեպտեմբերին նախատեսուած Լիբանան-Իսրայէլ ուղղակի բանակցութիւնները, եթէ նոյնիսկ ամերիկեան ճնշումի տակ տեղի ունենան, դատապարտուած են ձեւական ու ապարդիւն մնալու, անոնք այժմէն իսկ դարձած են անիմաստ: Բայց եւ այնպէս, Լիբանան պէտք չէ բանակցութիւնները մերժէ, որովհետեւ ատիկա պատրուակ կը ծառայէ Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումներուն մէջ մագլցումի դիմելու:
Մեկնելով ասկէ, իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հաղորդած այն լուրը, թէ աղբիւրներ յայտնած են, որ Լիբանան կը մերժէ մօտ օրէն բանակցութիւններ վարել` բողոքելով իսրայէլեան հեռացման շրջանները չընդլայնելուն դէմ, ճիշդ ըլլալու պարագային Լիբանանի կողմէ մեծ սխալ մը, ձախողութեան դատապարտուած ճնշումի փորձ մը, կամ մագլցումը արդարացնելու իսրայէլեան բացայայտ սուտ մըն է:
Մինչեւ Իսրայէլի մէջ խորհրդարանական ընտրութեան աւարտն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը, Կազան ու հարաւային Լիբանանը պիտի մնան միեւնոյն «կողովին» մէջ: Այն, ինչ Կազայի համար կը յայտարարուի, նաեւ հարաւային Լիբանանին կը վերաբերի: Իսրայէլեան տեսանկիւնէն այն, ինչ որ Կազայի համար ճիշդ է, նաեւ հարաւային Լիբանանի համար ճիշդ է:
Այս իրողութեան ամէնէն պարզ ու յստակ օրինակը Իսրայէլի համար Կազայի մէջ Թուրքիոյ եւ Քաթարի որեւէ դերակատարութիւն մերժումն է, որ ի զօրու է նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ այդ երկիրներու որեւէ դերակատարութեան պարագային: Աւելի՛ն. անիկա կրնայ իսրայէլեան ընտրութիւններէն ետք ալ գոյատեւել` նկատի ունենալով այդ երկիրներուն նկատմամբ անվստահութեան եւ մանաւանդ Անգարայի հետ լարուածութեան մակարդակը: Ի վերջոյ, հարաւային Լիբանանն ալ Կազային նման Իսրայէլի «Քիթին տակ» է, եւ բնականաբար այդտեղ եւս թրքական ուժերու ներկայութիւնը մերժելի է:
Իսրայէլի պիտի ուզէ հարաւային Լիբանանի մէջ մնալ ոչ միայն Հըզպալլան, այլ նաեւ Թուրքիան իր սահմանէն հեռու պահելու համար, ճիշդ այնպէս` ինչպէս հարաւային Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան բանակը սուրիական կառավարական ու այլ ուժերը եւ Թուրքիան հեռու կը պահէ Իսրայէլի սահմանէն:
Մեկնելով այս բոլորէն` հոկտեմբեր 27-էն առաջ բանակցութիններուն մէջ որեւէ յառաջընթաց բացառուած է, սակայն` ոչ յետընթացը:



