Գերմանիան ներկայացնող Միա Մանուկեան դարձաւ ճիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանը:
Մանուկեան ոսկի մետալ շահեցաւ մինչեւ 78 քկ կշիռի մրցումներուն` աւարտականին յաղթելէ ետք իր համերկրացի Զինա Շրայպերին:
«Ես շատ գոհ եմ: Շատ մարզուեցայ եւ աշխատեցայ այս մակարդակին հասնելու համար: Աւարտականը շատ դժուար էր ինծի համար, որովհետեւ կը մրցէի ազգային հաւաքականի իմ խմբակիցիս դէմ: Սակայն այսօր ես շատ աւելի լաւ պատրաստուած էի եւ կրցայ կիրարկել թեքնիքներով հարուստ մենամարտ մը», ըսաւ Մանուկեան:
«Մրցաշարքը շատ դժուար էր, եւ կային շատ զօրաւոր մրցակիցներ: Սակայն ինչպէս նշեցի, շատ լաւ պատրաստուած էի եւ կրցայ տարբեր հնարքներով յաղթել: Մթնոլորտը շատ լաւ էր, եւ մրցաշարքը` լաւ կազմակերպուած», աւելցուց ան:
Մանուկեան կը մրցէր Լուչիանօ Քորէայի ղեկավարութեամբ, որ 2007-ին` աշխարհի ախոյեան էր 100 քկ կշիռի մրցումներուն: Պրազիլցի մասնագէտը բարձր գնահատած էր Միայի ելոյթները:
Մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի մէջ, այլ հայ մարզիկի մը համար ալ բաւական յաջող էր: Արդարեւ, Ֆրանսան ներկայացնող Ճոնի Օզմանեան մինչեւ 66 քկ կշիռի տղոց մրցումներուն շահեցաւ պրոնզէ մետալ:
Այս մրցաշարքին մասնակցեցան 32 երկիրներէ ճիւտոյի մարզիկներ, սակայն անկէ բացակայեցաւ Հայաստանի հաւաքականը:


