Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւ Լուր. Եւրոպական Միութիւնը Մտադրութիւններու Յուշագիրներ Ստորագրած Է Վեց Հայկական Կազմակերպութիւններու Հետ

July 17, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջապէս լաւ լուր Հայաստանէն. մայիսի 5-ին Երեւանի մէջ կայացած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովին ընթացքին դրական զարգացում արձանագրուած է: Եւրոպական յանձնաժողովը ստորագրած է նախադէպը չունեցող «Մտադրութիւններու յուշագիրներ» վեց հայկական կազմակերպութիւններու հետ: Փաստաթուղթը կը կրէ «Համագործակցութիւն յանուն մարդկային կապերու» խորագիրը:

Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ` նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյենի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթայի ներկայութեան:

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հետ յուշագիրը ստորագրած են Եւրոպական յանձնաժողովի արեւելեան դրացնութեան եւ Թուրքիոյ հարցերով տնօրէն Ատրիըն Քիրալին եւ ՀԲԸՄ-ի հայաստանեան մասնաճիւղի նախագահ եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եագուպեանը:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ երկու կողմերը` «Հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ուսումնասիրելու համագործակցութեան այնպիսի կարելիութիւններ, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ տնտեսական ու հասարակական կապերու ամրապնդման»: Յուշագիրին մէջ պարզաբանուած է, որ` «Հայկական սփիւռքը ունի ուժեղ համայնքներ ամբողջ Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ` գործարարութեան, գիտահետազօտական, մշակութային եւ հանրային քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ: ՀԲԸՄ-ը` իբրեւ հայկական սփիւռքի հասարակական (ոչ առեւտրական)  մեծագոյն կազմակերպութիւն` կրթութեան, ձեռներէցութեան աջակցութեան եւ միջազգային համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ ունի երկարամեայ փորձառութիւն, որուն կը նպաստէ միջազգային ընդարձակ ցանցը»:

Այս միացեալ ջանքերուն նպատակն է` «Ուսումնասիրել համագործակցութեան կարելիութիւնները` հայկական սփիւռքի ներուժը համախմբելու եւ զայն զօրաշարժի ենթարկելու ներդրումներու, խորհրդատուութեան եւ Եւրոպական Միութեան ու Հայաստանի միջեւ ամուր գործընկերութեան հաստատման ուղղութեամբ: Այս փոխգործակցութիւնը կրնայ հիմնուիլ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Հայկական վըրչուըլ համալսարանի փորձին վրայ` թուային հաղորդակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը ամրապնդելու նպատակով»:

Եւրոպական Միութեան հետ յուշագիրներ ստորագրած հայկական վեց կազմակերպութիւններն են`

– «Ամպըր Քեփիթըլ Արմինիա» (Amber Capital Armenia) Անձնական դրամագլուխի համախմբում` հայկական փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններ եւրոպական ներդրումներուն եւ չափանիշներուն կապելու համար:

– «Սինոփսիս Արմինիա» (Synopsys Armenia) Կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ մասնագիտական հմտութիւններու զարգացում, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ արդիւնաբերութեան միջեւ կապերու ամրապնդում` ի նպաստ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան մրցունակութեան բարձրացման:

– «Ֆայըրպըրտ.Էյ.Այ.» (Firebird.ai) Թուային եւ ուժանիւթի ռազմավարական կապուածութեան զարգացում` Հայաստանը իբրեւ տարածաշրջանային թուային կեդրոն դիրքաւորելու նպատակով:

– ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն Յաջորդ սերունդի թուային եւ ստեղծագործական հմտութիւններու ընդլայնում:

–  ՀԲԸՄ (Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւն) Անհատական յարաբերութիւններու սերտացում եւ սփիւռքի կողմէ առաջնորդուող ներդրումներու խթանում:

– «Քրիէյթիվ Արմինիա» (Creative Armenia) Ստեղծագործական մարզերու զարգացում եւ կապերու ստեղծում եւրոպական մշակութային ցանցերու հետ:

Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքին մէջ յուշագիրը կը բնութագրուի` իբրեւ «ոչ պարտադիր համաձայնագիր», որ` «Կողմերու համար իրաւական կամ ֆինանսական որեւէ պարտաւորութիւն չի յառաջացներ: Անիկա մտադրութիւններու մասին յայտարարութիւն է եւ համագործակցութեան կարելիութիւնները ուսումնասիրելու պատրաստակամութիւն` նկատի առնելով, որ ապագայի որեւէ գործակցութիւն կախեալ պիտի ըլլայ` հետագայ քննարկումներէն, կիրարկելի ընթացակարգերէն, միջոցներու հասանելիութենէն եւ վերջնական համաձայնագիրներու կնքումէն»:

ՀԲԸՄ-ի նախագահ Վազգէն Եագուպեան լրագրող Անուշ Թրուանցին տուած ծաւալուն հարցազրոյցին մէջ կ`անդրադառնայ ստորագրուած յուշագիրին եւ այլ կարեւոր հարցերու: Այս բացառիկ հարցազրոյցը հրապարակուեցաւ Պոլսոյ հայկական «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ:

Վազգէն Եագուպեան բարձր կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա կ՛արժեւորէ սփիւռքի ներուժը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞, թէ հայկական կողմի նախորդ փորձերը լիարժէք յաջողութիւն չեն ունեցած, Եագուպեան համաձայն չգտնուեցաւ եւ նշեց, որ նախորդ կառավարութիւններու օրով, երբ տակաւին կը գործէր սփիւռքի նախարարութիւնը, զգալի աշխատանք կատարուած է: «Սփիւռքի ներուժը հսկայական է», ըսաւ ան:

Երբ Եագուպեանին հարցում ուղղուեցաւ վերջերս ներհայկական լարուածութեան, Եկեղեցւոյ վերաբերող հարցերուն, ներքին պառակտումներուն եւ բեւեռացման մասին, ան բացատրեց, որ երբ Հայաստանի տեղական խնդիրները կը տեղափոխուին արտերկիր, սփիւռքը շփոթի կը մատնուի: «Այդ հարցերը կը վերաբերին մեր ինքնութեան, Ցեղասպանութեան, Արցախի վրայ հարցման նշան դնելու եւ այլ խնդիրներու, դժբախտաբար սփիւռքի մէջ ալ սկսած են պառակտումներ յառաջանալ այս նիւթերուն շուրջ»:

Այնուհետեւ Եագուպեան ըսաւ. «Մենք միշտ յայտարարած ենք, որ մեր աշխատանքը պետութեան հետ է` ի նպաստ պետականութեան, անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՛վ է օրուան իշխանութիւնը: Ասիկա ամենեւին չի նշանակեր, որ մենք համաձայն ենք իշխանութեան բոլոր քայլերուն, բայց չենք կրնար նստիլ ու պարզապէս պոյքոթի ենթարկել` ըսելով, թէ քանի որ այսինչ հարցին շուրջ տարակարծիք ենք, ուրեմն պիտի չհամագործակցինք: Այդ մօտեցումը սխալ է: Միեւնոյն ժամանակ կան բազմաթիւ այլ ոլորտներ, ուր իշխանութեան կատարած աշխատանքը ճիշդ կը նկատենք: Այս հաւասարակշռութիւնը պահելը բաւական դժուար է, բայց եւ այնպէս այս դերը մեզի համար նորութիւն չէ: Մենք միշտ կատարած ենք զայն եւ պիտի շարունակենք խաղալ այդ դերը` հակառակ զանազան կարծիքներու: Մենք համոզուած ենք, որ մեր ազգային ներուժին 70 տոկոսը սփիւռքի մէջ է: Արդեօք խելամիտ կ՛ըլլա՞յ անտեսել այդ ուժը, երբ մեր առջեւ ունինք քաղաքական թէ ռազմական կարեւոր նպատակներ, իսկ ժամանակը, դժբախտաբար, կը գործէ մեզի դէմ»:

Ի պատասխան պոլսահայերուն մասին հարցումին` Եագուպեան ըսաւ. «Շուրջ երկու-երեք տարի առաջ Պոլիս այցելեցի: Գացի եւ կրնամ ըսել` ապշած ու հիացած վերադարձայ, որովհետեւ տեսայ համայնք մը, որ ամուր կառչած է իր միջավայրին` համոզուած ըլլալով, որ ինք իր տան մէջ է եւ դասական իմաստով սփիւռք մը չէ: Ինծի համար շատ հետաքրքրական այցելութիւն մըն էր, աչքով սկսայ դիտել պոլսահայ համայնքը: Բայց նաեւ սրտի ցաւ ապրեցայ, որովհետեւ մենք ազգովին, ներառեալ` մեր միութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը, չենք կրցած մշակել լուրջ ռազմավարութիւն մը` պոլսահայ համայնքին հետ համագործակցելու եւ յարաբերութիւններ մշակելու համար»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք լուծում մը պիտի գտնուի՞ կառավարութեան կողմէ Եկեղեցւոյ թիրախաւորման խնդրին, Եագուպեան ըսաւ. «Մենք Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին կը դիտարկենք` իբրեւ մեր ինքնութեան կարեւորագոյն հիմնասիւնը… Յուսանք` լուծումը կ՛ըլլայ ճիշդ եւ արդար` ի նպաստ հայ ազգին: Վերջ ի վերջոյ, Հայ եկեղեցին կը սպասարկէ հայ ազգին: Մեր Եկեղեցին տարբեր է իր էութեամբ: Երբ կը խօսինք մեր ժողովուրդի ներուժին մասին եւ կը շեշտենք, որ այդ ներուժը պիտի գործածենք ճիշդ ուղղութեամբ, ապա ամէնէն արագ միջոցին մեր նպատակներուն  հասնելու համար պիտի չմոռնանք, որ մեր Եկեղեցին հսկայական ներուժ ունի` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Սփիւռքի տարածքին իւրաքանչիւր եկեղեցի ու հօտ առանձին ներուժ են, եւ սփիւռքն ալ ինքնին համախմբուած է Եկեղեցւոյ շուրջ: Ուրեմն, ինչո՞ւ անտեսել կամ փորձել խարխլել այս ներուժին հիմերը»:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( Յուլիս 16 2026)

Յաջորդը

Անվտանգ Արհեստական Բանականութենէն. Ո՞ր Գործերը Կը Ծաղկին Ապագային

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.