ԼՕԽ-ի 63-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ ուրբաթ 10 եւ շաբաթ, 11 յուլիս 2026-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Ժիլիպեռի եւ ժողովականներուն:
Երկու օրերու ընթացքին ժողովը քննեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան 30 ամսուան բազմաճիւղ գործունէութիւնը` տալով իր արժեւորումը:
Ապա ներկայացուեցան առաջարկներ` կազմակերպական, կրթական, ընկերային, առողջապահական, քարոզչական, ձեռարուեստի, դաստիարակչական, մանկապատանեկան, յարաբերական եւ տնտեսական բնագաւառներուն վերաբերող` յատկապէս շեշտելով ԼՕԽ-ի շարքերուն մէջ աւելի մեծ թիւով երիտասարդ տարրեր ներգրաւելու, միութեան աշխատանքները նոր սերունդին աւելի իրազեկ դարձնելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` նոյն թափով, հետեւողականութեամբ ծաւալած առաքելութիւնը նոր օրերու եւ մարտահրաւէրներուն համահունչ շարունակելու հրամայականը:
Աւարտին Պատգամաւորական ժողովը 2026-2028 երկամեակին համար ընտրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան նոր կազմ` բաղկացած հետեւեալ ընկերուհիներէն`
Նելլի Աղասարգիսեան
Թալին Մումջողլեան
Սալբի Աննայեան
Սիւզի Նաշալեան
Հուրի Պաժիքեան
Մելինէ Մարգարեան
Մակի Թովմասեան
Թալին Կէօվողլանեան
Սիրուն Վարդապետեան
Լենա Ճուլֆայեան
Ռուբինա Յարութիւնեան
ԴԻՒԱՆ` ԼՕԽ-Ի 63-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ


