ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի դարմանատան սպասման նորոգուած սենեակի բացման ու անոր անուանակոչութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 2 յուլիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին կեդրոնի սրահին մէջ:
ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս երգեցողութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Լալիկ Խոշեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ այս ծրագիրը իրականացած է առատաձեռն նուիրատուութեամբ արժանաւոր բարերար ամոլին` տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու, «որոնց ծառայասիրական ձեռքը հասած է նաեւ մեր կեդրոնը` բարելաւելով այն միջավայրը, ուր ամէն օր բազմաթիւ հիւանդ պարագաներ ու այցելուներ կը սպասեն բժշկութեան ծառայութեան»:
Լալիկ Խոշեան դիտել տուաւ, որ բարերարները որոշեցին , վարչութեան հաւանութեամբ, որ դարմանատան սպասման սենեակը կրէ իրենց սիրելի ննջեցեալ մայրերուն անունները` Մարիամ Զէյթլեան եւ Ֆիլոր Լոքմանեան, յաւերժացնելով անոնց յիշատակը: Երկու մայրերն ալ կեանքէն հեռացած են կուրծքի քաղցկեղի պատճառով, եւ այս նուիրատուութիւնը ոչ միայն սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն է անոնց հանդէպ, այլ նաեւ մարդասիրական պատգամ մը` ուղղուած մեր գիւղի ժողովուրդին:
Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ այս բարերարութիւնը առաջինը չէ, այլ Զէյթլեան ամոլը տարիներ շարունակ իրենց առատաձեռնութեամբ մասնակցած է Այնճարի զարգացման: Անոնց նուիրատուութեամբ կառուցուած ՀՄԸՄ-ի համալիրը այսօր կը կրէ իրենց անունը, իսկ իրենց հիմնած «Այնճար արթ կալըրի»-ին գեղեցիկ մշակութային կեդրոն մը դարձած է` առիթ ընծայելով մուսալեռցի-այնճարցի արուեստագէտներուն ներկայացնելու իրենց ստեղծագործութիւնները: Այս նախաձեռնութեան մէկ այլ գեղեցիկ արժէքն ալ այն է, որ այս արուեստի տան հասոյթը կը յատկացուի գիւղի երկու վարժարաններուն ` նպաստելով կրթութեան եւ ապագայ սերունդներու զարգացման: Աւարտելով իր խօսքը` Լալիկ Խոշեան ԼՕԽ-ի վարչութեան եւ մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար ամոլին` իրենց մեծահոգութեան, մարդասիրական ոգիին եւ մեր գիւղին ու մեր կեդրոնին հանդէպ ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին համար:
Ապա հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը, բարերար ամոլն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, որ ուղղուին դարմանատուն, ուր Կոմիտաս քհնյ. Փանոսեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք Կայծակ եւ Ծովիկ Զէթլեանները կատարեցին քողազերծումը սպասման սենեակին մուտքին տեղադրուած յուշատախտակին, որ կը կրէ իրենց մայրերուն անունները:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Ծովիկ Զէյթլեան, որ յուզումնախառն զգացումներով ըսաւ, թէ սրտով , հոգիով եւ նուիրածուութեամբ ու ծառայական ոգիով կապուած են Այնճարին:
Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ` նշելով, որ իրենց մեծագոյն փափաքը այսօր իրականութիւն դարձաւ ` իրենց սիրելի մայրերուն յիշատակը յաւերժացնելով:
Այնուհետեւ վարչութեան ատենապետը, ի նշան սիրոյ եւ երախտագիտութեան, մասնաճիւղին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց բարերար ամոլին:




