Լինտա Նոսքովա իր առաջին կրան շլեմի աւարտականի ելոյթին կրցաւ շահիլ Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք իր ազգակից եւ զոյգերու խմբակից Քարոլինա Մուչովան` 6-2, 5-7 եւ 6-3 արդիւնքով:
Մրցումը, որ տեւեց մօտ երկուքուկէս ժամ, եղաւ շատ հետաքրքրական, ուր, Նոսքովա առաջին սեթը 32 վայրկեաններու ընթացքին շահելէ ետք, երկրորդ սեթին ալ կը սուրար դէպի յաղթանակ եւ մեչ-փոյնթ ունէր 5-2 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, 3 առիթները կորսնցնելէ ետք, 21 տարեկան Նոսքովա ձախողեցաւ յաջորդական կէտերուն եւ սեթը զարմանալիօրէն կորսնցուց 7-5 արդիւնքով: Ան չկրցաւ զսպել իր արցունքները այս սեթէն ետք, բայց կրցաւ վերստին լաւ խաղալով շահիլ 3-րդ սեթը` 6-3 արդիւնքով:
Մուչովա (29 տարեկան) շնորհաւորեց իր զոյգ աղջկանց խմբակիցը` յայտնելով, որ վերջինս կրցած էր իր զգացումները զսպել եւ 2-րդ սեթի յուսախաբութեան դէմ պայքարելով կրցած էր ինքզինք գտնել եւ կեդրոնանալով յաղթել:
Նոսքովա մրցումէն ետք ըսաւ. «Անհաւատալի զգացում մըն է: Թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ հոգեկան գետնի վրայ շատ դժուար էր: Շատ դժուար էր վերջին վճռական կէտը շահիլը»: Նոսքովա Մուչովային դառնալով ըսաւ. «Շատ դժուարացուցիր այս մրցումը: Ուրախ էի, որ իրար դէմ մրցեցանք առաջին կրան շլեմի աւարտականս, եւ միասնաբար պատմութիւն կերտեցինք»:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հօր, որ ներկայ էր, մինչ համբոյր ղրկեց դէպի երկինք` իր մօր, որ 2024-ին Ուիմպըլտընի մրցաշարքի նախօրեակին մահացած էր:
Տղոց Ուիմպըլտընի մրցումներուն, վեթերան Նովաք Ճոքովիչ (39 տարեկան) դժուար մրցումէ մը ետք 3-0 արդիւնքով պարտուեցաւ թիւ 1 իտալացի թենիսմեն Եանիք Սինըրէն (6-4, 6-4 եւ 6-4):
2023-ին Նովաք Ճոքովիչ կրան շլեմի իր 24-րդ տիտղոսը շահած էր (մրցանիշ), եւ հակառակ անցեալ տարի կիսաւարտականի հասնելուն, 4 կրան շլեմի մրցաշարքերուն, ինչպէս նաեւ այս տարուան 3 կրան շլեմի մրցաշարքերէն մէկուն աւարտականի հասնելուն եւ կիսաւարտականի մնացած 2-ին, ան գիտէ, թէ բաւարար չէ:
Թենիսմեններուն 99 տոկոսին համար կրան շլեմի գծով շատ լաւ արդիւնք է: Ինծի համար լաւ է, բայց բաւարար չէ, որովհետեւ երանելի եմ եւ նոյն պահուն անիծուած` բանի մը վարժուելով բարձրագոյն աստիճանի հասնելու: Ես միշտ առաւելագոյնը կը պահանջեմ իմ մարմնէս: Ուրեմն ձեւով մը ներքին պայքար մըն է աւելի քան 20 տարիէ ի վեր ասպարէզիս մէջ, եւ նպատակներուս հասնելու նշաձողս միշտ բարձր էր եւ կը մնայ: Երբ առողջ զգամ, կը կարծեմ, որ առաջին 5 մարզիկներու մակարդակ ունիմ եւ կրնամ պայքարիլ բոլորին դէմ», ըսաւ Ճոքովիչ, որ յայտնեց նաեւ, որ միայն ժամանակը գիտէ, եթէ պիտի վերադառնայ Ուիմպըլտըն:


