Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գէորգ Հաճեան` Հայ Մշակոյթի Անլռելի Ղօղանջը Եւ Հայրենիքի Սրբազան Բագինի Նահատակը (Գէորգ Հաճեանի Ծննդեան 55-Ամեակին Առիթով)

July 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Կան անհատներ, որոնց կեանքը տարիներով չի չափուիր, այլ` իրենց կերտած արժէքներով, ապրեցուցած գաղափարներով եւ ազգին ձգած անջնջելի հետքերով: Այդ եզակի հայորդիներէն մէկն էր մեր անմոռանալի գաղափարակից ընկեր Գէորգ Հաճեանը, որուն ծննդեան յիսունհինգերորդ տարեդարձը այսօր առիթ կը դառնայ ոչ միայն յիշատակելու զինք, այլ նաեւ վերանորոգելու մեր ուխտը` այն արժէքներուն հանդէպ, որոնց համար ապրեցաւ, ստեղծեց, երգեց եւ, վերջապէս, նահատակուեցաւ:

Հինգ տարի անցած է այն սեւ աշունէն, երբ Արցախի գոյամարտը խլեց մեզմէ հազարաւոր հայորդիներ, որոնց շարքին էր նաեւ Գէորգը: Սակայն ժամանակը ո՛չ անոր յիշատակը, ո՛չ ալ անոր կենդանի պատգամը կրցած է խամրեցնել: Ընդհակառակը, այսօր, երբ մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ նոր փորձութիւններ, անոր կերպարը աւելի պայծառ ու այժմէական կը թուի ըլլալ:

Մանկութեան օրերէն սկսեալ Այնճարի հայաշունչ միջավայրին մէջ հասակ առած Գէորգը կանուխ տարիքէն ներշնչուած էր ազգային գաղափարախօսութեամբ, հայ մշակոյթի սիրով եւ հայրենիքի պաշտամունքով: Իր ամբողջ կեանքը եղաւ այդ արժէքներուն հետեւողական ծառայութիւն:

Գէորգ Հաճեան  պարզապէս կրթական մշակ չէր, ոչ ալ` միայն երգիչ: Ան հայ երգին հոգեւոր մեկնաբանն էր: Իր զուլալ, մաքուր եւ սիրտ թրթռացնող ձայնով կեանք կու տար կոմիտասեան, հայրենասիրական, ազգային եւ յեղափոխական երգերուն: Երբ կ՛երգէր, երգը կը դառնար աղօթք, իսկ աղօթքը` ազգային ապրում եւ ուխտ:

Հայ լեզուն իր շրթներուն վրայ կը հնչէր իր ամբողջ գեղեցկութեամբ: Ան կը հաւատար, որ լեզուն, երգը, մշակոյթը եւ հայրենիքը անբաժանելի արժէքներ են, եւ այդ համոզումով ապրեցաւ մինչեւ իր նահատակութեան վերջին շունչը:

Իր գաղափարական կազմաւորումը ստացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Այնճարի պատանեկան շարքերուն մէջ, ապա կուսակցականի երդումով խոստացաւ ծառայել ազգին եւ հայրենիքին` մինչեւ կեանքի զոհաբերութիւն: Այդ երդումը Գէորգին համար երբեք բառերու ամբողջութիւն չեղաւ. ան դարձաւ իր կեանքի ճշմարտութեան ուղին:

Երբ հայրենիքի կանչը հնչեց, Գէորգը երբեք չտատամսեցաւ: Ան ընտրեց դժուարագոյնը` ճակատը: Այդ ընտրութիւնը գաղափարական մարդու, ազգային դաստիարակի եւ իսկական հայրենասէրի ընտրութիւնն էր անկասկած:

Այսօր ան կը հանգչի Պռօշեանի հերոսներու պանթէոնին մէջ` բազմաթիւ քաջորդիներու կողքին: Պռօշեանի պանթէոնի բացման այն օրը, երբ առաջին անգամ այցելեց այդ սրբավայրը եւ յայտնեց Հայաստան մշտապէս հաստատուելու իր որոշումը, թերեւս ոչ ոք կը պատկերացնէր, թէ տարիներ անց ինք եւս պիտի դառնար այդ անմահ փաղանգի յաւէտ ննջող նահատակը` որպէս Արցախի ազատագրական գոյամարտին ինկած առաջին այնճարցի հերոսներէն մէկը:

Գէորգ Հաճեանի նահատակութիւնը միայն անհատի կորուստ չէր: Ան խորհրդանիշ դարձաւ այն սերունդին, որ հայ մշակոյթը պաշտպանեց բեմին վրայ, հայ լեզուն` դասարանին մէջ, ազգային գաղափարը` հասարակական կեանքին մէջ, իսկ հայրենիքը` զէնքը ձեռքին:

Այսօր, երբ բազմաթիւ փորձեր կը կատարուին` նսեմացնելու մեր ազգային յիշողութիւնը, նուազեցնելու մեր մշակութային ինքնութիւնը եւ խախտելու մեր դարերէ եկած պատմութիւնը, ազգային արժէքներու համակարգը, Գէորգ Հաճեանի կեանքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ մշակոյթը պարզապէս ստեղծագործութիւն չէ: Մշակոյթը ազգային դիմադրութեան ամէնէն հզօր ձեւերէն մէկն է, իսկ մշակոյթի պահապանը նոյնքան կարեւոր զինուոր է, որքան` սահմանը պաշտպանող մարտիկը:

Գէորգը երկու ճակատներու վրայ ալ իր պարտքը կատարեց: Նախ հայ մշակոյթի, ապա` հայրենիքի պաշտպանութեան:

Սիրելի՛ ընկեր Գէորգ,

Քու բացակայութիւնդ տակաւին կը ցաւցնէ, բայց ներկայութիւնդ, աւելի զօրացած, կը շարունակուի մեր յիշողութեան, մեր երգերուն, մեր ազգային հաւաքներուն եւ մեր երիտասարդութեան ներշնչանքին մէջ:

Դուն կը շարունակես երգել մեր հոգիներուն մէջ:

Դուն կը շարունակես սերունդներ դաստիարակել քու օրինակովդ:

Դուն կը շարունակես մեզի յիշեցնել, որ հայրենասիրութիւնը գեղեցիկ խօսքերու մէջ չէ, այլ կեանքի ընթացքին եւ անհրաժեշտութեան ժամուն անձնազոհութեան մէջն է:

Ծննդեան յիսունհինգերորդ տարեդարձիդ առիթով մեր խոնարհումը կը վերանորոգենք քու յիշատակիդ առջեւ:

Թող քու լուսաւոր կեանքդ եւ սրբացած նահատակութիւնդ շարունակեն ներշնչել հայ երիտասարդութիւնը, որպէսզի ան երբեք չհեռանայ հայ լեզուէն, հայ երգէն, հայ մշակոյթէն, ազգային գաղափարէն եւ հայրենիքի նկատմամբ իր սրբազան պարտաւորութենէն:

Յաւե՛րժ փառք քեզի, սիրելի՛ Գէորգ:

Յաւե՛րժ փառք բոլոր այն հերոսներուն, որոնք իրենց արեամբ սրբագործեցին հայրենի հողը:

Անոնք չմեռան. անոնք դարձան հայ ժողովուրդի յաւերժական խիղճը, անշէջ ջահը եւ ազգային յարատեւութեան ուխտը:

Թորոնթօ

Նախորդը

Հայկազ Մկրտչեանի Եւ Իր Մարտի Ընկերներուն Յիշատակին` «L՛Affiche Rouge»… (Կարմիր Որմազդը)

Յաջորդը

Թենիս. Աղջկանց Զուտ Չեխական Աւարտական

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.