Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազ Մկրտչեանի Եւ Իր Մարտի Ընկերներուն Յիշատակին` «L՛Affiche Rouge»… (Կարմիր Որմազդը)

July 11, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Կան պայմանադրական գրական էջեր, որոնց արձագանգը զանցելով պահու ժամանակաւոր գրգիռը ընթերցողին կը հասնի տասնամեակներ ետք: Գրագէտին տաղա՞նդը, արծարծուող հարցին համամարդկային ըլլա՞լը, թէ՞ հասարակական-ընկերային որոշ կեցուածքներու դասականացած կրկնողականութիւնը կ՛ընեն այնպէս, որ այդ էջերը վերակարդացուին նոր պայմաններու մէջ ու վերարժեւորեն իրենց ազդու դերը: Անոնցմէ է Լուի Արակոնի 1955-ին գրած, «L՛Affiche rouge»-ին  նուիրուած` «Յիշողութեան քառեակներ», «Stances pour se souvenir» բանաստեղծութիւնը:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի սկիզբէն իսկ ֆրանսական ռազմական ուժը տեղի տուաւ գերմանականի «կայծակնային» գրոհին: Գրաւեալ Ֆրանսայի մէջ ծայր առաւ եւ ամբողջ պատերազմի ընթացքին թշնամի ուժերուն դէմ գործեց ֆրանսական ժողովրդային Դիմադրութեան շարժումը` իր այլազան խմբաւորումներով, համայնավարներէն մինչեւ կաթողիկէները: Ան գործեց թշնամի գերմանական ուժերուն ե՛ւ անոնց գործակից, հարազատ ֆրանսական Վիշիի կառավարութեան դէմ: Մարդկային արժանապատուութեան այս պայծառ դրսեւորումին մասնակից եղան նաեւ ոչ ֆրանսացիներ, կազմուեցաւ օտար մարտիկներէ բաղկացած ջոկատ մը` Միսաք Մանուշեանի ղեկավարութեամբ: Այդ անձնուրաց ջոկատին բոլոր անդամները բռնուեցան եւ գնդակահարուեցան: Մինչ այդ նացի քարոզչական մեքենան փորձեց արժեզրկել Դիմադրութեան շարժումի ծիրին մէջ գործող այս մարտիկները եւ 1944-ին պատրաստեց «L՛Affiche rouge» կոչուող կարմիր որմազդ մը, ուր ոչ ֆրանսացի ըմբոստներու դէմքերը կ՛երեւէին հետեւեալ հեգնական եւ պախարակիչ խօսքերով`«Ազատագրողնե՞ր», «Ազատագրում ոճրային բանակին կողմէ»… Այս որմազդէն 15.000 օրինակներ Փարիզի փողոցները ողողեցին: Սակայն ֆաշական բռնութիւնն ու կեղծիքը տուին հակառա՛կ արդիւնքը. իբրեւ ոճրագործ ցուցադրուող  ջոկատի անդամները դարձան Դիմադրութեան շարժումի հերոսներ: Բանաստեղծներ, երգիչներ, բեմադրիչներ անոնց ձօնեցին գրութիւն, երգ ու շարժանկար, ֆրանսական գրականութեան դասագիրքերուն մէջ երեւցաւ «L՛Affiche rouge»-ը` ընկերակցած Արակոնի քառեակներով, ուր յատկանշական տող մը կը նշէ, թէ գիշերները «թափառող ձեռքեր» այս որմազդներուն տակ կը գրէին` «morts pour la France!»

Mais à l’heure du couvre- feu des doigts errants

Avaient écrit sous vos portraits MORTS POUR LA FRANCE

Ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութիւնը արեւմտեան-եւրոպական շղարշով քողարկուած թրքական պետութեան լծակիցի անկողինին մէջ ընկողմանած է: Վերջերս Երեւանի քաղաքապետարանի հրամանով յատուկ խողովակով աւրուեցաւ Երեւանի անցքերէն մէկուն պատին փակցուած հայ-ազրպէյճանական պատերազի հերոս Հայկազ Մկրտչեանի դիմանկարը…

Անձկութեամբ կը սպասեմ, որ հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ Հայկազ Մկրտչեանին նկարը փոխարինեն նո՛ր պատկերով: Կը սպասեմ նաեւ, որ այդ երիտասարդ-երիտասարդուհիները, անդուլ եւ անկոտրում հաւատքով, գիշերները, Երեւանի անցքերուն, փողոցներուն պատերը ողողեն նորագոյն մեր պատմութեան ջան ֆետայիներու` Արցախի եւ Հայաստանի համար մարտնչած ու զոհուած հերոսներուն նկարներով ու տակը գրեն` «Ինկան Հայաստանի համար»…

Պոսթըն, 8 յուլիս 2026

Նախորդը

Նոյն Հրապարակը… Բայց Արդեօ՞ք Նոյն Յիշողութիւնը

Յաջորդը

Գէորգ Հաճեան` Հայ Մշակոյթի Անլռելի Ղօղանջը Եւ Հայրենիքի Սրբազան Բագինի Նահատակը (Գէորգ Հաճեանի Ծննդեան 55-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.