Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2026-ի Մոնտիալ. Մրցանիշներու Օր` Ռոնալտօ Եւ Ունայ Սիմոն… Սպանիա, Փորթուգալ Եւ Զուիցերիա Հասան Գ. Հանգրուան

July 4, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մրցանիշներու օր մըն էր հինգշաբթի գիշեր, երբ Սպանիա 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրիան, Փորթուգալ 2-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Խրուաթիան, մինչ երէկ առաւօտեան Զուիցերիա յաղթեց Ալճերիոյ, այսպիսով յաղթական երեք երկիրներու հաւաքականները հասան Գ. հանգրուան:

Սպանիոյ մրցումին, սպանացի բերդապահ Ունայ Սիմոն մրցանիշ հաստատեց 519 յաջորդական վայրկեաններ իր բերդը անառիկ պահելով` բարելաւելով 36 տարուան մրցանիշ մը, որ հաստատած էր Իտալիոյ բերդապահ Վալթեր Զենկան 1990-ի Մոնտիալին: Զենկա 517 յաջորդական վայրկեաններ եւ 5 մրցումներ անառիկ պահած էր իր բերդը:

29 տարեկան Ունայ Սիմոն, որ Աթլեթիք Պիլպաոյի բերդապահն է, ամէնէն հռչակաւոր բերդապահը չէ այս Մոնտիալին, բայց ան վստահաբար լաւ բերդապահ մըն է, որ կը վայելէ լաւ պաշտպաններու կողքին, որոնց շնորհիւ մրցանիշներու գիրքին անցաւ:

Սիմոն այս Մոնտիալի իր 4-րդ մրցումին միայն 4 հարուածներ զսպեց, մինչ Աւստրիոյ դէմ ոչ մէկ գնդակ զսպելու առիթ ունեցաւ:

Սպանիոյ կոլերը նշանակեցին Միքել Օյարսապալ (2) եւ Փետրօ Փորրօ: Երկրորդ մրցումին Փորթուգալ Թորոնթոյի մէջ մրցեցաւ Խրուաթիոյ դէմ:

Այս մրցումը մրցանիշներով հարուստ էր: Ռոնալտօ Փորթուգալի հետ մրցանիշ հաստատեց իբրեւ առաջին մարզիկը, որ 41 տարեկանին նաք-աութի հանգրուանի մրցումի կը մասնակցի եւ աւելի ուշ կոլ ալ նշանակեց` դառնալով ամէնէն երէց մարզիկը, որ կոլ կը նշանակէ Մոնտիալին պատմութեան մէջ:

Միւս կողմէ, Խրուաթիոյ ազգային խումբի միջին տարիքի թիւը` 30 տարեկան եւ 100 օրական, ինքնին մրցանիշ մըն է, որով խումբը կոտրեց 28 տարի առաջ 1998-ի Մոնտիալի 3-րդ դիրքի մրցումին իր իսկ հաստատած նախորդ մրցանիշը (30 տարեկան 126 օր):

Փորթուգալ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Խրուաթիան, որուն խմբապետ Լուքա Մոտրիչ (40 տարեկան) իր վերջին ելոյթը ունեցաւ ազգային խումբին հետ: Իվան Փերիշիչ Բ. կիսախաղին (53-րդ վայրկեանին) բացաւ մրցումին հաշիւը` դառնալով Խրուաթիոյ ազգային խումբին հետ առաւելագոյն կոլեր նշանակող մարզիկը (Մոնտիալին)` բարելաւելով Տաւոր Սուքերի մրցանիշը:

Տիոկօ Քոսթա փրկեց Փորթուգալի բերդը քանի մը լուրջ առիթներէ, մինչեւ ՎԱՐ-ի հաստատած փենալթին, որ կոլի վերածեց Ռոնալտօ (68-րդ վայրկեանին): Ռաֆայէլ Լէաօ քանի մը վայրկեան առաջ ցնցած էր Խրուաթիոյ բերդին ձողը:

75-րդ վայրկեանին Մաթէօ Քովասիչ իր կարգին ցնցեց Փորթուգալի բերդին սիւնը: Քանի մը վայրկեան ետք, Սուսիչի կոլը ՎԱՐ-ը հաստատեց իբրեւ օֆ-սայտ:

94-րդ վայրկեանին Կոնսալօ Ռամոս գլխու հարուածով նշանակեց շատ կարեւոր կոլ մը` Փորթուգալը առաջ տանելով:

103-րդ վայրկեանին Եոշքօ Կվատիոլ նշանակեց Խրուաթիոյ հաւասարութեան կոլը:

ՎԱՐ-ը միջամտեց` յայտնելով, որ երբ Իկոր Մաթանովիչ գլխու հարուածով կը փոխանցէր Մարիօ Փաուլիչի, այս վերջինը օֆ-սայտի դիրքի վրայ էր, հակառակ անոր որ Մաթանովիչէն ետք գնդակը դպած էր Ռենաթօ Վէյկայի գլխուն ալ:

Անշուշտ Խրուաթիոյ համար ցնցիչ էր այս կոլին չվաւերացուիլը` պատճառ դառնալով, որ խումբը դուրս մնայ Մոնտիալէն:

Առաւօտեան մրցումին Զուիցերիա առանց մասնաւոր հարցերու կրցաւ 2-0 արդիւնքով դուրս ձգել Ալճերիան:

Պրիլ Էմպոլօ եւ Տան Էնտոյի նշանակեցին Զուիցերիոյ կոլերը:

Այսօր կը սկսին Գ. հանգրուանի մրցումները, ուր ժամը 20:00-ին Քանատա պիտի մրցի մարոքի հետ, կէս գիշերին Փարակուէյ պիտի մրցի Ֆրանսայի դէմ:

Վաղը գիշեր ժամը 23:00-ին Պրազիլ պիտի մրցի Նորվեկիոյ դէմ, իսկ երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 3:00-ին Մեքսիքա` Անգլիոյ դէմ:

Նախորդը

Բրիտանիոյ Նոր Մրցանիշ. Էլիոթ Անտերսոն Միացաւ Մանչեսթըր Սիթիին

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Յաղթեց Սէուտական Արաբիոյ Մէջ` 82-88

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը
Մարզական

Հեծելարշաւ. Լիբանան Շահեցաւ Իր 5-րդ Պրոնզէ Մետալը

October 15, 2026
Ծանրաբարձութիւն.  Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ծանրաբարձութիւն. Ալեքսանտրա Գրիգորեան` Եւրոպայի Ախոյեան

October 15, 2026
Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ».  Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը
Մարզական

Ասիոյ «Չեմփիընզ Լիկ». Ռոնալտօ 981-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.