Անցեալ քանի մը շաբաթներուն զոյգի մրցումներու մասնակցելէ ետք, Սերենա Ուիլիամս 44 տարեկանին վերադարձաւ թենիսի դաշտ եւ հրաւէր ստացաւ մասնակցելու Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքին: Անցեալ տարի իր մեծ քոյրը` Վինըս վերադարձած էր 45 տարեկանին, բայց վստահաբար նոյն մակարդակը չունէր:
Սերենա, որ պատմութեան լաւագոյն թենիսվումըններէն կը նկատուի, 23 կրան շլեմի մրցաշարք շահած էր, ինչպէս նաեւ զոյգերու մրցումներու 14 կրան շլեմի տիտղոսներ իր քրոջ` Վինըսի հետ, դառնալով միակ մարզիկը, որ անհատական թէ զոյգերու կրան շլեմի տիտղոսներու կողքին Ողիմպիականի ալ անհատական եւ զոյգերու ոսկի մետալ շահած է քանի մը անգամ:
Թիւ 1 թենիսմեն իտալացի Եանիք Սինըր, որ Ռոլան Կարոսի մրցաշարքէն ուժաթափ եղած էր եւ պարտուած Բ. հանգրուանին, պիտի փորձէ աւելի յաջող մրցաշարք մը ունենալ:
Սինըր առաջին մրցումին բաւական դժուարութիւն ունեցաւ սերպ Միոմիր Քեսմանովիչի (թիւ 50) դէմ, որ առաջին եւ երրորդ սեթերը յաղթելէ ետք մօտ 2 ժամուան ընթացքին, վերջին 2 սեթերը կորսնցուց (6-2 եւ 6-3), որովհետեւ Սինըր աւելի վճռական էր:
Նորվեկիացի Քասփեր Ռուտ (թիւ 12) անակնկալ պարտութիւն մը կրեց լեհ Հուպերթ Հուրքաչէն (3-0), մինչ 4 ժամէ աւելի պայքարէ ետք Քամերոն Նորի (թիւ 29) անակնկալի մատնուեցաւ Մայքըլ Ժենկի (թիւ 44) դիմաց` 5-րդ սեթին 10-4 թայ-պրէյքի արդիւնքով:
«Զուտ ռուսական» մրցումի մը ընթացքին, Անտրէյ Ռուպլեւ (թիւ 13) իր ազգակից Ռոման Սաֆիուլինէն (թիւ 132) պարտուեցաւ 4 ժամ պայքարէ ետք` 14-12 թայ-պրէյքի արդիւնքով:


