Ջաւախք անգամ մը եւս փաստեց իր մարզական բարձր ներուժը: Արդարեւ, Նինոծմինդայի քաղաքապետարանի Օրոջալարի հանրային դպրոցի աղջկանց խումբը շահեցաւ Վրաստանի ողիմպիականի մարզական տիտղոսը, որ կը կոչուի Վրաստանի «Մարզական օլիմպիատա 2026»:
Ասիկա ոչ միայն դպրոցի, այլեւ ամբողջ Ջաւախքի հասարակութեան միասնութեան եւ յաղթանակի արդիւնքն է: Նինոծմինդան վերստին հաստատեց, որ ունի տաղանդաւոր եւ նպատակասլաց զաւակներ:
Այս մեծ յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցաւ ուսուցիչ Աշոտ Սողոյեան իր նուիրումով:
Տարիներ շարունակ Օրոջալարի հանրային դպրոցի մարմնակրթութիւն դասաւանդող Սողոյեան իր մասնագիտական հմտութիւններով եւ սիրով կերտած է այս յաղթանակը:
Ինչպէս դպրոցի բոլոր աշակերտները, Սալոյեան նոյնպէս Ջաւախքի հարազատ զաւակն է:
Մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Վարդուհի Էլոյեան, որ 18 կէտով եւ փայլուն ելոյթներով դարձաւ մրցաշարքի ամէնէն փայլուն աստղը:
Ջաւախքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ քաջալերական երկտող մը գրեցին. «Շնորհակալութի՛ւն բոլորիդ` ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ իւրաքանչիւր ջաւախեցիի, որ իր աջակցութեամբ կանգնած էր խումբին կողքին: Այս յաղթանակը մերն է Օրոջալարի՛, մեր Ջաւախքի՛»:


