Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միակ Հայը Ըլլալով` Մուշեղ Գարավարդանեան Եւ Այլ Արուեստագէտներ Իրենց Ոճով Հակազդեցին Լիբանանի Դէմ Շղթայազերծուած Պատերազմին

June 19, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Լիբանանի եւ յատկապէս հարաւի եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ տիրող ապահովական անկայուն վիճակին` Լիբանանի սիրտը կազմող մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ խումբ մը արուեստագէտներ իրենց ոճով հակազդեցին պատերազմին ու անոր  սպառնալիքներուն:

Արդարեւ, ուրբաթ, 5 յունիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պէյրութի Համրա շրջանի Մայ Զիատէ թաղամասի «Նապատ արթ ժահ» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ արուեստի «Շերըտ կրաունտ» (Shared Ground-Բաժնեկից հարթակ) խորագրեալ հաւաքական ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ արուեստի քննադատներու եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկը նախաձեռնած ու կազմակերպած էր մէկէ աւելի համալսարաններու դասախօս, տնտեսագէտ, գործարար, դոկտ. Այման Պատրէտտին: Ան աւելի քան քառորդ դարու փորձառութիւն ունի արուեստի գործերու հաւաքման, քննարկման եւ ցուցադրութեան մէջ: Դոկտ. Պատրէտտին տարի մը առաջ` 2025-ին, հիմնած է «Նապատ արթ կալըրի պայ ժահ» (Nabad Art Gallery by Jah) խորագրեալ ցուցասրահը, նպատակ ունենալով շրջանի` Միջին Արեւելքի երկիրներու սկսնակ ու տաղանդաւոր արուեստագէտներուն առիթ ընծայել միջազգային հարթակներու վրայ ճանչցուելու: Իսկ «Շերըտ Կրաունտ» խորագրեալ ներկայ ցուցահանդէսը ընթացիկ տարուան` 2026-ի առաջին հաւաքական ձեռնարկն է, որուն մասնակցած են բազմատասնեակ արուեստագէտներ`  գեղանկարիչներ, քանդակագործներ թէ լուսանկարիչներ: Մեծամասնութեամբ երիտասարդ արուեստագէտներու գործերուն մէջ իւրաքանչիւրը մասնագիտական ի՛ր ոճով հակազդած է տիրող պատերազմի սարսափներուն եւ սպառնալիքներուն: Արուեստի այդ գործերէն իւրաքանչիւրը լուսարձակի տակ կ՛առնէ տուեալ արուեստագէտին առօրեայ կեանքէն երեւոյթ մը` հիմնականին մէջ տողատակի ցոլացնելով հակապատերազմեան, խաղաղութեան ձգտող բնածին մղում մը: Լուսանկարիչին ոսպնեակը, քանդակագործին մուրճը եւ գեղանկարիչին վրձինը եղած են այս երիտասարդ տաղանդաւորներուն հիմնական «զէնքերը»` տողատակի առ որ անկ է փոխանցելով, թէ Լիբանան միայն պատերազմի թիրախ երկիր չէ, թէ` Լիբանանի ժողովուրդը որքան որ ինքնապաշտպանութեան հարկադրուած պատերազմ կը մղէ հարաւային Լիբանանի թէ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու մէջ, նո՛յնքան ալ խաղաղութեան ջատագով է: Ներկայ ցուցահանդէսը այդ տաղանդաւորներու ձիրքերուն արգասիքն է:

Ձեռնարկին մասնակից բազմատասնեակ արուեստագէտներուն մաս կը կազմէ նաեւ միակ հայը` երիտասարդ գեղանկարիչ Գարամուշ (Մուշեղ Գարավարդանեան), որ իր կարգին, իր առօրեայէն երեւոյթ մը արուեստի վերածած է` վրձինի եւ գոյներու ներդաշնակ միաձուլումով: «Աշխատաւոր դասակարգի հերոս»  խորագրեալ իր գեղանկարին (Working Class Hero) (աքրիլիք կտաւի վրայ-60X80 սմ) մասին «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` Գարամուշ յայտնեց, թէ այս գործը «Աւերուած օրեր» խորագրեալ (Ruined Days) գեղանկարչական շարունակուող ծրագիրին մէկ պատկերն է, որ սերտօրէն կ՛առնչուի մեր առօրեային: «Երբ երկիրը պատերազմի մէջ է, հացի ու ալիւրի տագնապի վտանգ կայ. այս աշխատաւորը արհամարհելով ապահովական բոլոր սպառնալիքները` ամէն այգաբացի աշխուժօրէն կը փութայ իր փուռը` շրջանի բնակչութեան խմորեղէն, սենտուիչ ապահովելու համար: Այս ալ պատերազմին դէմ պայքարող խաղաղատենչ հերոսութիւն է, երբ ապահովական ամէն խախտում արհամարհելով ու իր կեանքը վտանգի ենթարկելու արկածախնդրական մղումով այս աշխատաւոր փռապանը կը փութայ ապահովել շրջանի բնակչութեան ամէնօրեայ խմորեղէնի ակրատ (սենտուիչ) հայթայթելով, անոնց ամէնէն տարրական կարիքները աշխատաւոր դասակարգի հերոս նկատուած այս կերպարը իր արուեստին  ընդմէջէն կ՛արտացոլայ արուեստագէտին ինքնութիւնը, յիշողութիւնը, առօրեայ կեանքը, ուր տիրական են` մարդկային կերպարի ուժը, լռութիւնը եւ բարոյական արժանապատիւ ներկայութիւնը»:

Իսկ թէ ինչպէ՛ս կը գտնէ նոյն տարածքին մէջ պատերազմի ու խաղաղութեան յիշողութեան հակասական պատկերներու դրսեւորումներ, Գարամուշ բնական գտաւ այդ երեւոյթը` յիշեցնելով, որ անհատական` հոգեկան ներքին խախտումներ ու արտաքին պատերազմի ու ջարդերու սարսափներուն յիշողութիւնը արուեստի ձեւով կը դրսեւորուի արուեստագէտի գործերուն մէջ ` խաղաղ ու բնականոն կեանք ներշնչող բարոյական արժանիքներով:  Գարամուշ իր այս վարկածին իբրեւ օրինակ նշեց` հոլանտացի ծանօթ արուեստագէտ Վան Կոկի եւ Փիքասոյի կարգ մը գործերը: Նմանապէս ան նշեց, օրինակ, հայազգի հանրածանօթ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին յիշողութիւնը դրսեւորող կնոջ ու մօր արուեստի գործերու կողք-կողքի շարուած կերպարները:

«Նապատ արթ կալըրի պայ Ժահ» ցուցահանդէսը տակաւին քանի մը շաբաթ եւս` մինչեւ յուլիս 2026-ի սկիզբը, կը շարունակուի Համրայի Մայ Զիատէ թաղամասի իր սրահին մէջ, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:

 

Նախորդը

Առեւանգուած Ժողովրդավարութիւն. Հայաստանի Կեղծուած Խորհրդարանական Ընտրութիւնները

Յաջորդը

Հրապարակուեցաւ Դոկտ. Կ. Մոմճեանի «ՀՅԴ-Ն Եւ Սահմանադրականութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ 1895-1908» Յետմահու Հատորը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.