Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կատարուեցաւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

June 16, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 14 յունիս 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ դպրեվանքի հսկիչ Ազատ վրդ. Ֆիլիքեանի խարտաւիլակութեամբ, մայրավանքի սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ սարկաւագական ձեռնադրութիւն երեք դպրեվանեցի կիսասարկաւագներու` Յովսէփ Գալըպճեանի, Սարգիս Նահապետեանի եւ Յովհաննէս Սաղիրեանի: Օրուան պատարագիչն էր Առաքել վրդ. Գատէհճեան:

Ընծայեալները, խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ծնրադիր բարձրացան սուրբ խորան, ուրկէ հրապարակաւ ուխտեցին ամբողջականօրէն ծառայել Հայ եկեղեցւոյ: Ապա ձեռնադրիչ սրբազան հայրը անոնց ուսերուն վրայ դրաւ Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները եւ աղօթքներով անոնց շնորհեց Սուրբ Աւետարան ընթերցելու, վերաբերում կատարելու եւ բուրվառով աստուծային անուշ բոյրը խնկելու իշխանութիւնները:

Ձեռնադրութենէն ետք սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի յղեց օրուան պատգամը` մեկնելով «Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն Իրեն ծառայես» աստուածաշնչական համարէն: Շահան սրբազան, յիշեցնելով Յիսուս Քրիստոսի քառասնօրեայ պահեցողութեան ընթացքին փորձութեան ենթարկուած ատեն արտասանած երեք խօսքերէն վերջինը, դիտել տուաւ, որ մեր կարողութիւններն ու շնորհները անձնակեդրոն պէտք չէ ըլլան, որովհետեւ Տէրը բոլորս կը հրաւիրէ պաշտելու զԻնք եւ ծառայելու միմիայն Աստուծոյ: Հոսկէ մեկնելով` ան բացատրեց սարկաւագական կարգին իմաստը եւ նշեց, որ Եկեղեցին, գտնուելով անհրաժեշտութեան առջեւ, յառաջացուց սարկաւագութիւնը, որպէսզի սարկաւագներ օգտակար դառնային առաքեալներուն. առ այդ, սարկաւագութիւնը Եկեղեցւոյ նուիրապետական երեք կարգերուն հիմքն է` միւս երկուքը ըլլալով քահանայութիւնն ու եպիսկոպոսութիւնը:

Վերջապէս, սրբազան հայրը օրինակ բերաւ Եկեղեցւոյ պատմութենէն չորս օրինակելի սարկաւագներ` Սուրբ Ստեփանոս, Աթանաս Աղեքսանդրացի, Եփրեմ Ասորի եւ Յովհաննէս Իմաստասէր, եւ քաջալերեց նորօք ձեռնադրեալները` հետեւելու անոնց օրինակին. «Այս պահուն կ՛աղօթեմ բոլորիդ համար, որպէսզի Սուրբ Ստեփանոսի հոգին եւ մեր Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին բոլոր ընտիր սարկաւագներու հոգիները իջնեն ձեր մէջ եւ ձեր սպասարկութիւնը պաշտամունքի բարձրացնեն» ըսելով` եզրափակեց սրբազան հայրը իր քարոզը ու շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը, դպրեվանքի մեծ ընտանիքը, նորընծաներուն ընտանիքները եւ հաւատացեալները` սարկաւագական ձեռնադրութեան ուրախալի առիթով:

Սուրբ պատարագի աւարտին նորընծայ սարկաւագները, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր եւ խարտաւիլակ հայր սուրբին, ինչպէս նաեւ` տեսչական կազմին, բարձրացան Արամ Ա. կաթողիկոսին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը:

Նախորդը

ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամի Հաւաքածուն

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Ռազմավարական Համագործակցութեան Շրջանակային Համաձայնագրի Վերլուծութիւն

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.