Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. 2025-2026 Տարեշրջանի Աւարտական Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

June 15, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարութեան, նախագահութեամբ երեսփոխան Յակոբ Թէրզեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, երկուշաբթի, 8 յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու 2025-2026 տարեշրջանի աւարտական հանդէս եւ վկայականաց բաշխում:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները ունկնդրելէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու վարչական պատասխանատու Սամիկ Կարապետեան, որ դիտել տուաւ, թէ տարիներու ժրաջան աշխատանքէն ետք շրջանաւարտները բեմ կը բարձրանան` քաղելու իրենց աշխատանքին արգասիքը: Ան աւելցուց, որ դժուար պայմաններու եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց, մեր հաստատութիւնը շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ այսօր հպարտութեամբ կը վկայէ իր աշխատանքին արդիւնքը, իսկ ծնողները տեսնելով իրենց զաւակներուն յաջողութիւնը` կը պարծենան, որովհետեւ անոնք իրենց զաւակները առաջնորդած են Համազգային` ոչ միայն տեղեկութիւն ամբարելու եւ բարձրորակ կրթութիւն ստանալու, այլ նաեւ՛ հայկակա՛ն արժէքներուն հաւատարիմ մնալու ոգիով, կամքով ու յանձնառութեամբ թրծուելու: Կարապետեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որուն պատասխանատու մօտեցումով եւ այս կառոյցը ամէն գնով կանգուն պահելու վճռակամութեան ու ճիգերուն շնորհիւ` կարելի եղաւ տարեշրջանը հասցնել իր աւարտին:

Սամիկ Կարապետեան նշեց, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը իր հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով նախաձեռնած է 95-ամեակի մատենաշարի մը հրատարակութեան: Մատենաշարին երկրորդ հրատարակութեան մեկենասութիւնը ստանձնած է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը: Յառաջիկայ շաբաթ լոյս կը տեսնէ Մուշեղ Իշխանի «Անժամանցելի խոհեր» հատորը, որ օրին խմբագրած է գրականագէտ եւ «Բագին» գրական հանդէսի վաստակաւոր նախկին խմբագիր Պօղոս Սնապեան:

Բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ «Մեղեդի» լարային քառեակը` ղեկավարութեամբ Արմէն Ճէնտէրէճեանի: Քառեակը նուագեց Կոմիտասի «Քելէ քելէ»-ն, Եոհաննէս Պրամսի «Հունգարական պարեր, թիւ 5»-ը եւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»-ը:

Ապա տեղի ունեցան` «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աւարտական աշակերտներ Փաթրիք Ապու Հաննայի (Առնօ Բաբաջանեանի «Էլեժի»-ն), Սէմ Վարդանեանի (Առնօ Բաբաջանեանի «Վաղարշապատի պար»-ը) եւ Ալեքս Մանոր Հալլաճեանի (Պախի «Թոքաթա եւ Ֆուկա D minor») դաշնամուրով կատարումները:

Այս առիթով Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան խօսքը արտասանեց խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան, որ անդրադարձաւ նախորդ տարեշրջանին Համազգայինի տարբեր դպրոցներու աշխատանքներուն եւ յառաջիկայի տեսլականներուն (խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք առանձին):

Աւարտական աշակերտներու ունկնդրութիւններու երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցան` Զարեհ Սերոբեան (Արամ Խաչատուրեանի «Թոքքաթա»-ն), Այգ Գէորգեան (Ֆրանց Լիսթի «Լիպըսթրոմ թիւ 3»-ը) եւ Սէրլի Մուղալեան (Եդուարդ Աբրահամեանի «Փրելիւտ»-ը):

Ապա ելոյթ ունեցաւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կիթառահարներու համոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Համոյթը նուագեց Հենրի Փրսըլի «Շաքոն» եւ Ժերարտօ Մաթոս Ռոտրիկեզի «Լա Քամփանելլա» ստեղծագործութիւնները: Շրջանաւարտներու եւ խումբերու բարձրորակ կատարումները արժանացան ներկաներու գնահատանքին:

Աւարտական հանդէսի եւ վկայականաց բաշխման հաւաքի օրուան պատգամը յղեց Սիլվա Սողոմոնեան, որ անդրադարձաւ Համազգայինի առաքելութեան, հայութեան կեանքին մէջ հայ մշակոյթին կարեւորութեան` կոչ ուղղելով պահպանելու արուեստի ճամբով հայկական արժէքները կենդանի պահել, միասնաբար շարունակել Համազգայինի կարեւոր գործունէութիւնը (խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք առանձին):

Հանդիսութեան աւարտին 7-րդ դասարանի «Կարինէ Ալեքսանդրեան սերունդ»-ի վկայագիրներ ստացան` Ալեակ Գույումճեան, Էլզա Տէր Մարտիրոսեան, Ժան Փիեռ  Վարդանեան, Լիլիթ Տեմիրճեան, Հրակ Արբաճեան, Հրանդ Կիրակոսեան, Ճեսի Աւետիսեան, Մակալի Գարաօղլանեան, Նարեկ Շիրէճեան, Ռոզին Լուսարարեան եւ Սելին Վարդանեան: Աւարտական դասարանի «Զոհրապ Թորիկեան» սերունդի վկայականները ստացան` Ալեքս Հալլաճեան, Այգ Գէորգեան, Զարեհ Սերոբեան, Սեմ Վարդանեան, Փաթրիք Ապու Հաննա եւ Սէրլի Մուղալեան: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցէն աւարտական վկայական ստացաւ Սէրլի Մուղալեան, որուն նկարչական գործերը ցուցադրուած էին սրահին մէջ:

Հաւաքին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, որ նշեց, թէ վկայական ստանալու այս առիթը ո՛չ միայն վայելք կը պատճառէ վկայուողներուն, այլ` ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք բախտը կ՛ունենան մասնակցելու այս հաւաքին:

Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Վարձքը կատար Համազգայինին, որ իսկապէս կը փորձէ սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ պաշտպանել հայրենական արժէքները, եւ իբրեւ արժանիք` զանոնք փոխանցել նոր սերունդին, որպէսզի անոնցմով ոչ միայն մեր կեանքը յարատեւէ, այլ այդ բոլորով մենք մասնակից դառնանք մեր շրջապատի կեանքին»: Շահէ արք. Փանոսեան աւելցուց. «Չենք անդրադառնար, թէ ի՛նչ տեսակի բոյր եւ քաղցրութիւն կը պատճառենք մեր շրջապատին, մասնաւորապէս երբ պահ մը փորձենք անջատուիլ մեր շրջապատի ժխորէն եւ կեդրոնանալ մեր ունեցած արժէքներուն, մշակութային ժառանգութեան վրայ, որովհետեւ միայն ա՛յն ատեն վստահաբար կ՛անդրադառնանք, թէ մենք մեր ունեցածով մասնակից ենք մեր շրջապատի կեանքին, որպէսզի փորձենք գեղեցկացնել եւ ազնուացնել ա՛յն, ինչ որ ուրիշներ կը փորձեն քանդել ու կործանել»:

Շահէ արք. Փանոսեան նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց շրջանաւարտներուն` յուսալով, որ անոնք միջազգային բեմեր հասնին, գագաթներ նուաճեն, արժանանան աւելի մեծ ու բարձր տիտղոսներու եւ վկայականներու, որպէսզի օր մը, իրենց կարգին, գան եւ իրենց ամբարած ծանօթութիւններով, կուտակած շնորհքով առաւել եւս քաղցրացնեն եւ ազնուացնեն մեր ժողովուրդի կեանքը այստեղ` լիբանանահայ իրականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` աշխարհի ամբողջ տարածքին:

 

Նախորդը

Համազգայինը Խիզախօրէն Ու Մեծ Հաւատքով Կը Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը*

Յաջորդը

Քսան Կախաղաններու Յիշատակին. Կախաղանը Չկրցաւ Յաղթել Գաղափարին

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.