Չորեքշաբթի, 27 մայիս 2026-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Լիբանանի խորհրդարանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին:
Շրջանային վարչութիւնը ներկայացուց յառաջիկայ աշխատանքներու գործունէութեան ծրագիրը: Քննարկուեցան Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն պատճառով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Իր կարգին, Բագրատունի գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի նախաձեռնութիւնները, որուն մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն ունի նոր սերունդներուն մօտ հայապահպանումը եւ ազգային պատկանելիութեան զգացումը:


