Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Հռիփսիմեանց Տօնին Առիթով. Աղօթքի Շաբաթ Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

June 3, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, 25 մայիս 2026-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին,  Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնի նախօրեակին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի բացօթեայ խորանին դիմաց կատարուեցաւ աղօթքի շաբթուան բացում եւ հանդիսաւոր սուրբ պատարագ:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ թեմի կեանքէն ներս հաստատուած տարիներու գեղեցիկ սովորութեան համաձայն, հաւաքուած ենք Սրբոց Հռիփսիմեանց յիշատակին առիթով, որ մեզ Հայոց պատմութեան հետ շաղկապող պահ է, աւելցնելով, որ ըստ պատմութեան, 301 թուականին քրիստոնէական հաւատքին համար Հայաստանի հողին վրայ առաջին անգամ նահատակուեցան Հռիփսիմեանց կոյսերը, որոնք Հռոմէն խոյս տուած էին իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ անցեալին հայոց աշխարհին մէջ քրիստոնէական կրօնին համար քաջաբար մարտնչողներ եւ նահատակներ ունեցած ենք եւ զիրենք կը յիշենք, որպէսզի իրենց օրինակով մեր կեանքին խրախոյս բերենք, նաեւ մեր հաւատքին զօրութիւն շնորհենք: «Սուրբերը հաւատքի ախոյեաններ են: Անոնք ներկայ են մեզի հետ այս աշխարհէն ներս, բայց նաեւ Աստուծոյ մօտ են` մեզի համար բարեխօս, յաւերժօրէն կենդանի», հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ անոնք միայն յիշատակ չեն, այլ պէտք է ապրին եւ արտայայտութիւն գտնեն շնորհիւ անոնց, որոնք այս աշխարհի պայմաններուն մէջ կը փորձեն երբեմն հոսանքն ի վեր թիավարելով` հաւատք պահել, քրիստոնէավայել կեցուածք ցոյց տալ, զոհել եւ զոհաբերել, որպէսզի կեանքէն ներս պաշտպանուի եւ յարատեւէ այն, ինչ որ Աստուծոյ շնորհքն է` պարգեւը, մեր կեանքին համար ձրիօրէն մեզի ընծայուած, որպէսզի մենք մեզ անցաւոր այս աշխարհի պայմաններէն կարողանանք ուղղել դէպի յաւիտենականը:

Շարունակելով իր քարոզը` սրբազան հայրը յիշեցուց, որ Սրբոց Հռիփսիմեանց խորանին վրայ ունինք սրբոց մասունքէն նշխար մը, որպէսզի այդ նշխարով մենք եւս սրբութիւն բերենք մեր կեանքին եւ յիշենք մասնաւորաբար ներկայ նիւթապաշտ ժամանակներու մէջ, թէ արդարեւ մեզի հետ ունինք մեր սուրբերը` իբրեւ բարեխօս Աստուծոյ մօտ, ինչպէս նաեւ` մեզի համար կեանքի օրինակ, որպէսզի իրենց նայելով խրախուսուինք եւ խրախոյս բերենք մեր կեանքին, ինչպէս նաեւ իրենց սրբութեան օրինակով սրբութիւն պահենք եւ պաշտպանենք մեր առօրեայէն ներս, մեր տուներուն մէջ, մեր համայնական կեանքի պայմաններէն ներս:

Յայտնենք, որ 26, 27, 28 եւ 29 մայիս երեկոյեան ժամը 6:30-ին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցան երեկոյեան ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն` հետեւեալ նիւթերով.  երեքշաբթի, 26 մայիսին, խորհրդածութեան նիւթ` «Քրիստոնեայ հաւատացեալը», որ ներկայացուց Յակոբ Ա. քհնյ. Պզտիկեան, չորեքշաբթի, 27 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Աստուծոյ խօսքը մեր ամէնօրեայ հացը պէտք է ըլլայ», որ ներկայացուց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան, հինգշաբթի, 28 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Միշտ աղօթել առանց վհատելու», որ ներկայացուց Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան,  ուրբաթ, 29 մայիսին խորհրդածութեան նիւթ` «Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնը առիթ վերանորոգման», որ ներկայացուց Սուրէն քհնյ. Արսլանեան: Իսկ երկուշաբթի, 1 յունիսին, նախագահութեամբ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ, եւ պիտի կատարուի ջրօրհնէք Հռիփսիմեանց մասունքով:

Նախորդը

«Արեգ» Թատերական Դպրոց. «Հէյ Ջան, Ղափամա» Թատերախաղի Երեք Ներկայացումները Արժանացան Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.